Անցեալ Կիրակի, 20 Յուլիսին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի տարածած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի, որ Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ քահանայից դասին, թեմի պաշտօնէութեան եւ հաւատացեալներուն վրայ ծրագրուած յարձակում մը կատարուած է, խումբ մը մարդոց կողմէ:

Ըստ հաղորդագրութեան, Շաբաթ կէսօրին եկեղեցւոյ կից գտնուող ինքնաշարժներու կառատունի մը մէջ վիճաբանութիւն ծագած է վրացի կնոջ ու անոր ծանօթներուն եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու թեմի պաշտօնեաներուն միջեւ: Երեկոյեան, «նոյն խումբը հաւաքելով մօտ 50 հոգի, յարձակած են Մանուկ քհնյ. Զէյնալեանի, թեմի իրաւական հարցերով եւ համագործակցութեան բաժինի տնօրէն Լեւոն Իսախանեանի եւ Ռոպերթ Իսախանեանի վրայ: Յարձակողները իրենց հետ տարած են հոգեւորականներէն մէկուն լանջախաչը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: «Ականատեսները կը պատմեն, թէ եկեղեցւոյ վրայ յարձակողները ինչպիսի ազգային ատելութեամբ լեցուած եղած են հայութեան նկատմամբ: Անոնցմէ ոմանք եղած են ոգելից ըմպելիներու եւ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ: Այս ամէնը Վրաստանի բազմաթիւ եկեղեցիներուն մէջ, նաեւ լրատուութեամբ, կենցաղային մակարդակով հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ սերմանուող ատելութեան արդիւնքն է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Ծայրայեղական նման դրսեւորումները անյարիր են հայ եւ վրաց
ժողովուրդներու բարեկամական
յարաբերութիւններու ոգիին մէջ»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարութիւն մը տարածած է Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցածի վերաբերեալ, ուր գրուած է թէ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր խորը մտահոգութիւնն է յայտնում կատարուածի առնչութեամբ եւ դատապարտում ազգային թշնամանք եւ կրօնական անհանդուրժողականութիւն հրահրող այս գործողութիւնը:
Սադրիչ սոյն ոտնձգութիւնը ցաւալի հետեւանքն է վերջին տարիներին Վրաստանում տարբեր կազմակերպութիւնների ու անհատների՝ այդ թւում վրաց որոշ հոգեւորականների կողմից տարածուող հակահայկական տրամադրութիւնների: Ծայրայեղական նման դրսեւորումները անյարիր են հայ եւ վրաց ժողովուրդների բարեկամական յարաբերութիւնների ոգուն, որը պատմական մեր ընդհանուր անցեալի թանկ ձեռքբերումներից է: Մեր ակնկալութիւնն է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները ապահովեն Վրաստանում Հայ Եկեղեցու եւ հայ համայնքի անվտանգութիւնն ու կեանքի բնականոն ընթացքը»: