Կազայի մէջ սպաննուած մարդոց թիւը անցաւ 500ը, վերջին օրերուն ընթացքին հետզհետէ աւելի սաստկացող իսրայէլեան ռմբակոծումներու պատճառով:
ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը իր «մեծ անհանգստութիւնը» յայտնեց Կազայի մէջ դէպքերուն առընչութեամբ, վերահաստատելով իր կոչը՝ ռազմական գործողութիւններու անմիջական դադրեցման գծով:
Մինչ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը շարունակուեցաւ եւ սաստկացաւ, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իր շարքերուն զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են:
Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը «Ուալահ» կայքին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը ծրագրէ Կազայի դէմ ցամաքային յարձակումը ընդլայնել եւ պաղեստինեան շարժումներուն ուժեղ հարուած մը հասցնել: Յարձակումին պատճառով Կազայի մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացաւ 510-ի, իսկ վիրաւորներունը 3200-ի:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Կազայի ռմբակոծման ընթացքին մէկէն երկու թոն ուժգնութեամբ ռումբեր կ՛օգտագործէ: Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Իսրայէլ Կազայի դէմ տարօրինակ եւ միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր կ՛օգտագործէ:
Համաս շարժումի բանբեր Սամի Ապու Զահրի յայտնեց, որ Կազայի իրադարձութիւններուն նկատմամբ արաբական կեցուածքները տակաւին անհրաժեշտ մակարդակը չունին, աւելցնելով. «Կազան արաբներուն օգնութեան կարիքը ունի»:
Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ երէկ արշալոյսին իսրայէլեան ուժերու գիծին ետին ցամաքահանում մը կատարած են եւ բուռն բախում մը ունեցած անոնց հետ, ինչ որ իսրայէլեան բանակը ստիպեց ընդունելու իր կարգ մը կորուստները:
Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Շուժահիյայի մէջ իսրայէլեան բանակի գործածը «կատարեալ պատերազմական ոճիր» նկատեց եւ միջազգային հետաքննութիւն պահանջեց:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ըսաւ. «Կարեւոր է, որ Համաս ընդունի, որ զինադադարը կեանքեր պիտի փրկէ», եւ կոչ ուղղեց զինադադար գոյացնելու: