Անթիլիասի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Շուէտի եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն:

Համաս շարժումի ղեկավարներէն Իսմայիլ Հանիյէ, անդրադառնալով շարժումէն երեք ղեկավարներու սպանութեան, ըսաւ, որ ղեկավարներու ահաբեկումով շարժումը աւելի ուժեղ ու տոկուն կը դառնայ՝ նշելով, որ բռնագրաւողին հետ ճակատամարտը երկար է: «Պաղեստինցի ժողովուրդը Կազայի շրջափակման վերջնական ջնջումէն ու յարձակումի կասեցումէն նուազ պայմաններ պիտի չընդունի»

ԼՈՆՏՈՆ
Չորրորդ հայկական փառատօն

Կիրակի՝ Օգոստոս 3-ին, Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ չորրորդ ամէնամեայ հայկական

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրման պիտի ներկայացնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը, Ռուսաստանի կառավարութեան երէկուայ նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր այս հարցի

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան եւ վաստակաշատ ու բեղմնաւոր կեանքի, «Գոհար»ի մեծ ընտանիքին, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան, իր սիրելի աշակերտներուն, բարեկամներուն ու երկրաւոր կեանքին հրաժեշտ տուաւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու եւ մանկավարժներու ամէնէն պայծառ եւ ինքնատիպ դէմքերէն մին՝ մայէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանը: