Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներ, Նիւ Եորքի մէջ, հանդիպում ունեցան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Զոհրամ Մնացականեանի հետ:

23 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Տիար Յակոբ Հանտեանի:

Orer.eu կը հաղորդէ թէ Յուլիս 18-19ին Փրակայի մէջ կազմակերպուեցաւ միջազգային ֆոլքլորային խումբերու պարի եւ երաժշտութեան 5-րդ փառատօնը, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն ժամանած երեք պարային խումբեր՝ Երեւանէն «Ոսկէ աստղեր» եւ «Ինսայթ» պարային համոյթները եւ Գորիսի «Սիւնիք» մանկական պարային համոյթը։

Քանի մը օրեր առաջ Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Առաջնորդ Սրբազանը մանրամասնօրէն զեկուցեց Վեհափառին ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի, Դամասկոսի, Ճէզիրէի, Լաթաքիոյ ու Քէսապի մէջ կայք հաստատած հայորդիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն մասին:

Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի հրաւէրով, Հելիոպոլսոյ առաջնակարգ ճաշարանի մը մէջ, 24 եգիպտացի լրագրողներ եւ մտաւորականներ, գիտաշխատողներ համատեղ ռամատանեան Էֆթարի սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան Շաբաթ, 19 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան: