Կիրակի, 20 Յուլիս 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Վեհարանի դահլիճին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանին արժանացուց սուրիահայ գաղութի մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող ազգայիններէն Օրդ. Հուրի Ազէզեանը (Հալէպ) եւ Տիար Յակոբ Ադամեանը (Լաթաքիա):

Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ, կրթական-մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալներուն մօտիկ ազգայիններ: Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ներկայացուց պարգեւատրեալ օրդ. Հուրի Ազէզեանի մտաւորական, ազգային եւ կրթական վաստակը. իսկ Ժիրայր Դանիէլեան խօսեցաւ պարգեւատրեալ Յակոբ Ադամեանի գրական ու մշակութային ներդրումին մասին:

Վեհափառ Հայրապետը, անդրադառնալով սուրիահայ գաղութի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ ըսաւ. «Սուրիոյ մեր գաղութը Օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը տեսաւ ու գոյատեւեց: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, մեր ժողովուրդի զաւակները վերակազմակերպեցին իրենց եկեղեցական ու համայնքային կեանքը՝ դառնալով սուրիական ընկերութեան անբաժան մէկ մասը: Այսօր, քաջատեղեակ ենք սուրիական հայրենիքէն ներս տիրող իրավիճակին: Սակայն, հակառակ առկայ տագնապին ու անոր պատճառած վնասներուն, սուրիահայութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնայ իր արմատներուն ու ազգային արժէքներուն»: