Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին Կազայի մէջ ուժի մէջ մտաւ 72 ժամուան զինադադար մը: Իսրայէլեան բանակը Կազայէն իր ամբողջական հեռացումը յայտարարեց: Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ բանակը իր գլխաւոր առաքելութիւնը՝ Կազայի մէջ փապուղիներու քանդումը աւարտած է:

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 30 Յուլիսին, Լոս Անճելըս ժամանեց Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ:

ԱՄՆ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, հիւրաբար թեմը այցելող Հայաստանի Արթիկի թեմի առաջնորդ եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժինի վարիչ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին՝ Կիրակի, Յուլիս 27, 2014ին Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ։

2014 թուականը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի յիսնամեակն է: Այս առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ յիսնամեակի տօնակատարութեան կեդրոնական յանձնախումբը հրապարակած է յիսնամեակի խորհրդանշանը (logo-ն):

Իսրայէլեան բանակը կարճ հրադադարներէ ետք, կը շարունակէ անխնայ ռմբակոծել  Կազան, պաղեստինցի զոհերուն թիւը