Երէկ Կիպրոսի մէջ նշուեցաւ Թուրքիոյ գրաւման սեւ թուականի 40ամեակը: Այդ օրէն մինչեւ այսօր տասնեակ բանակցութիւններ ընթացած են կիպրական հարցի լուծման առաջնորդուելու ուղղութեամբ, սակայն առանց դրական արդիւնքի:

Փխրուն զինադադարէն հազիւ մի քանի ժամ ետք, Իսրայէլի վարչապետ Պենճամին Նեթանիահու հրահանգ տուաւ իր երկրի բանակին, ներխուժում գործելու Կազայի շրջանէն ներս, պատրուակելով ահաբեկիչներու կողմէ օգտագործած անցքերու ոչնչացման կարիքը:

Երէկ կէսօրէ ետք (Յունաստանի ժամով 16:30ին) Ուքրանիա-Ռուսաստան սահմանագիծէն ոչ շատ հեռու Տոնեցկի շրջանին մէջ, - ուր ամիսներէ ի վեր կ'ընթանան բուռն հակամարտութիւնները -, հրթիռի յարձակում գործուեցաւ Մալէզիոյ օդանաւային ընկերութեան պատկանող Boeing 777 տիպի սաւառնակի մը դէմ, որ 295 ճամբորդներ կը փոխադրէր Ամսթերտամէն դէպի Քուալա Լումփուր:

Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան« ստեղծագործութիւնը ռուս բեմադրիչ Վիթալի Մանսկիին համար ներշնչումի աղբիւր դարձած է:

Սուրիոյ մէջ արդէն 4 տարիէ ի վեր ընթացող ներքաղաքական պատերազմի պատճառով՝ Մարտ 21ին Քեսապէն հեռացած հայերը սկսած են վերադառնալ իրենց տուները, Յունիս 15ին Սուրիոյ պետական զօրքերու կողմէ քաղաքի ազատագրումէն ետք: