Հայկական քամանչային անդրադարձած է ռուսական “Արկումէ՛նթի Նի՛ծիէլլի” պարբերականը: “Լարային աղեղնաւոր այս գործիքին վրայ  կը նուագեն Տաղստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Յունաստանի, Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու ազգային երաժիշտները: Հայկական քամանչան “ազգակից է” արաբական ռեպապին, միջնադարեան եւրոպական ռեպեքին, ֆրանսական բոշեդին, պուլկարական կատուլգային:

Այսօր Նոյեմբեր 17-ին Ֆրանսայի մէջ կը սկսի համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը‘ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երկրորդ դրամահաւաք միջոցառումը, որը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 20:

ՀՌՈՄ
UNHATE խորագրով լուսանկարչական ծանուցումներու նոր շարք մը հրապարակեց Benetton ընկերութիւնը, ուր  քաղաքական դէմքեր ...իրար կը մօտենան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 10րդ Ընդհանուր Ժողովէն  ընտրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի    Կեդրոնական Վարչութիւնը իր Ա. լիագումարը կայացուց նստավայր՝    Պէյրութի մէջ, 5էն 7 Նոյեմբեր 2011ին։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր ձայնը միացուցած է մարդկային իրաւանց պաշտպան զանազան կազմակերպութեանց՝ պահանջելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն, որ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուն անմիջապէս ազատ արձակելու նպատակով ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ: