Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի վարչապետներ Անկելա Մերքել եւ Նիքոլա Սարքոզի շատոնց արդէն հասկցած կը թուին ըլլալ, թէ անկարելի պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան «27» երկիրներու համամտութիւնը ստանալ, Եւրօգօտիէն ներս խստացուած շրջագիծ որդեգրելու կապակցութեամբ:
Պերլինի նախանձախնդրութիւնը Եւրոպական Միութեան նոր ձեւաչափ մը կառաջադրէ, ուր փաստօրէն երկու տարբեր ձեւեր պիտի որդեգրուին միութեան անդամ-երկիրներուն համար: Այսպէս՝ առաջին հերթին կը նախատեսուի 8-10 անդամ երկիրներու համամտութիւնը ապահովել, խստացուած շրջագիծը շուտով գործադրութեան դնելու համար, դուրս ձգելով մնացեալ երկիրները:
Եւրոպացի քաջատեղեակ աղբիւրներ կը նշեն, թէ այսպիսի գործելաձեւ՝ ընդունուելու շատ մեծ հաւանականութիւններ ունի, նկատի առած թէ կան երկիրներ, որոնք թերահաւատութեամբ կը դիտեն յառաջ քշուող շրջագիծը, կամ ալ կարողութիւնը չունին այդ մէկը գործադրելու:
Reuters կը նշէ թէ Յունաստան, Իրլանտա եւ Փորթուկալ, որոնք արդէն եւրոպական տնտեսական վերահսկողութեան մեքանիզմի մաս կը կազմեն, ինչպէս նաեւ Իտալիա, Սպանիա կամ Սլովաքիա, կարելիութիւնը չունին Պերլինէն պարտադրուող շրջագիծը որդեգրելու, ինչ որ կը նշանակէ թէ երկու «դասակարգի» երկիրներ գոյութիւն պիտի ունենան եւրօգօտիէն ներս: Առայժմ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ վերջնական տարբերակը կÿակնկալուի հրապարակել 8-9 Դեկտեմբերի Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովին ընթացքին: