12.286.478 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւններ կատարուեցան
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 14-րդ հեռուստամարաթոնը երէկ երեկոյեան ժամը 18:00ին սկսաւ (Աթէնքի ժամանակացոյցով) եւ աւարտին հասաւ այսօր առաւօտեան ժամերուն:
Հեռատեսիլի արբանեակային կայաններէն Լոս Անճելըսէն ուղղակի սփռուեցաւ մարաթոնը: Հայաստանի մէջ թելեթոնը սփռուեցաւ «Հ1», «Արմենիա», «Շանթ» եւ «Երկիր Մետիա» կայաններէն:
Հեռուստամարաթոնի ընթացքին յայտարարուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ իրականացուած դրամահաւաքի նախաձեռնութիւններու իբրեւ արդիւնք հանգանակուած գումարները: Ինչպէս ծանօթ է, անոնք այս տարի պիտի ուղղուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ջրամատակարարման մարզի բարեկարգման ծրագիրներուն: Կարելի եղաւ հանգանակել նուիրատուութիւններու 12.286.478 ամերիկեան տոլարի գումար:
Ռուսաբնակ հայ գործարարներու մոսկովեան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբերի կէսերուն: