Հայոց մեծ բարեկամին աճիւնը հողին յանձնուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ
«Նոր Յառաջ» թերթէն կ'իմանանք, թէ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, հայոց անկեղծ բարեկամ Հանրի Սապիի աճիւնը, իր կտակին համաձայնյ ամփոփուեցաւ Ստեփանակերտի Քաղաքային Յուշահամալիրին մէջ:
Ան առաջիններէն էր, որ հակամարտութեան առաջին օրերուն իսկ այցելեց Արցախ, անձամբ տեղեկանալու համար իրադարձութիւններուն: Ան նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ առաջին քարոզողներէն եղած էր:
78 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած Սապի, մահէն առաջ իր կնոջմէ խնդրած էր որ աճիւնները թաղուին իր երկրորդ հայրենիք՝ Արցախի մէջ:
Այս առթիւ, Սապիի լաւագոյն ընկերներէն ֆրանսահայ ծանօթ դէմք՝ Ռոպէր Այտապիրեան խօսած է ֆրանսացի քաղաքագէտի մասին, նշելով թէ անոր գլխաւոր երազանքներէն եղած է տեսնել Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ միշտ պայքարած է ազատութեան տենչով ապրող ժողովուրդներու կողքին:


18 Յունիս 1987: Եւրոպական Խորհրդարանը կ'ընդունի
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
Հանրի Սապի գլխաւոր դերակատարներէն էր բանաձեւի ընդունման:
Դուրսը՝ խորհրդարանի շէնքին դիմաց կանգնած էր ֆրանսահայերու հոծ բազմութիւն,
որ յուզումով եւ խելայեղ ոգեւորութեամբ իմացաւ բանաձեւի որդեգրման մասին
Աճիւններու թաղման արարողութեան՝ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան խօսք առնելով ըսած է, թէ արցախեան իշխանութիւնները շնորհակալ են հանգուցեալին ընտանիքին եւ հարազատներուն, որ Արցախը նման պատուի արժանացուցած են: Ան խորհրդանշական համարած է, որ Ստեփանակերտի յուշահամալիրի այն հատուածին մէջ, ուր Սապիի աճիւնասափորը հողին կը յանձնուի, քովը յառաջիկային պիտի կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ բարձրանալիք յուշակոթողը: