Յառաջիկայ շաբաթավերջին (Դեկտեմբեր 8-9ին) նախատեսուած Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, ճգնաժամային նախապատրաստական տասնօրեակ մը կը սպասուի, որ եւրօի ապագայ բախտը պիտի ճշդէ:
Եւրոպական Միութեան տնտեսական հարցերու յանձնակատար Օլի Ռէն, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս խօսելով, դիտել տուած է թէ «վճռակամ պէտք է գտնուիլ, կամ յաջողցնելու դրամանշային միացումը, կամ ալ ընդունելու՝ կէս դարէ աւելի գործող եւրոպական կառոյցի հանգրուանային փլուզումը»:
Նուազ կրքոտ խօսքերով հանդէս եկաւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ, նախազգուշացնելով սակայն թէ տագնապը այնքան խոր է, որ իրական միացում մը ապահովելու ջանքերու գործադրութեան մէջ՝ անդամ-երկիրները լուրջ զոհողութիւններու պէտք է դիմեն, զոհելով նոյնիսկ պետական գերակշիռ իրաւունքներ:
Հարկային օրէնքներու համադրում
Երկրորդ կարեւոր հարց մը, որ պիտի քննարկուի գագաթնաժողովին ընթացքին, Եւրոպական Միութեան 27 անդամ-երկիրներու հարկային օրէնքներու համադրումի հարցն է:
Euro plus անուան տակ գործող ծրագրի հիմամբ, որը երէկ ընդունուեցաւ Ecofinի մասնակցող անդամ-երկիրներու տնտեսութեան նախարարներուն կողմէ, կը նախատեսուի 27 երկիրներէն՝ 23ի միջեւ հարկային տնտեսական քաղաքականութեան միացոյլ համադրումը:
Եւրոպական մակարդակի վրայ բոլոր բնագաւառներէն ներս անհրաժեշտ փոփոխութիւններու հարցին անդրադարձաւ երէկ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Թուլոնի մէջ խօսելով: Ան կենսական համարեց ապագայի նախաձեռնութիւնները, ըսելով թէ «Եւրոպան այլընտրանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն: Տնտեսական տագնապը բացայայտեց մեր տկարութիւնները եւ հակադրութիւնները: Պէտք է դարձեալ խորհիլ Եւրոպական Միութեան մասին: Պէտք է ուժեղօրէն վերակազմակերպուիլ» շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը:
Երկուշաբթի օր նախատեսուած է Սարքոզի-Մերքել արտակարգ հանդիպումը, ի տես ֆրանս-գերմանական միացեալ կեցուածքին, որ եւրոպական կայունութիւնը ապահովող նոր համաձայնագիր մը յառաջ պիտի մղէ: