Կիպրոսի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին համաժողովին առաջին   օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս երկրորդ շրջանի մը համար վերընտրուեցաւ նոյն խորհուրդի նախագահ՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտա նիքը  ներկայացնող:


Չորս տարին անգամ մը գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին կը մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմեն Կիպրոսի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Գերշ. Տէր Վարուժան արք. Հէրկէլեան, Թեհրանի  թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Գեղամ արք. Խաչերեան, Նարեկ վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ պրն. Վարդան Թաշճեան եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տէր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:
Համաժողովին բացումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի առաւօտ, յոյն եկեղեցիներու կողմէ կատարուած պատարագով: Ապա, համաժողովի առաջին նիստին, վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով ներկայացուց անցնող չորս տարիներուն խորհուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս ծանրանալով տնտեսական ու վարչակազմակերպչական  մարզերուն: Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս  տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներուն եւ անոնց ժխտական անդրադարձներուն՝ խորհուրդի կեանքին ու առաքելութեան: Վեհափառը շեշտեց, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Խորհուրդը շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ առաւել կենսու- նակութեամբ ան կոչուած է դառնալու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ձայնը ու միակամ կեցուածքը:
Ապա, խօսք առին արեւելան ուղղափառ, կաթոլիկ ու բողոքական  եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ու ընդգծեցին  խորհուրդի կարեւորութիւնը՝ որպէս շրջանի եկեղեցիները համախմբող կառոյց: Նոյն օրը համաժողովին իր զեկոյցը ներկայացուց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար տոքթ. Կրկէս Սալեհ: Լայ-նօրէն ներկայացուեցաւ նաեւ  խորհուրդի տնտեսական կացութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան կողմէ անդամ ընտրուեցաւ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յանձնախուբի անդամ եւ Դպրեվանքէն ներս արաբերէն լեզուի դասախօս տոքթ. Ժան Սալմանեան:
Համաժողովին ընտրական յանձնախումբի անդամ ընտրուեցաւ Գերշ. Տէր Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ ստուգիչ մարմնի անդամ՝ պրն. Վարդան Թաշճեան: