Շաբաթ, 4 Փետրուար 2012-ի առաւօտուն, «Վանայ ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հետ Հայ գիրքի տարուան առիթով ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գիրքին ունեցած առանցքային դերին՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Անհրաժեշտ է նոր ընթացք ու արտայայտութիւն տալ միջեկեղեցական շարժումին»
կ'ըսէ Արամ Ա. կաթողիկոս

Իր խօսքը ուղղելով միջեկեղեցական խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն՝ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց միջեկեղեցական շարժումին նոր ընթացք, նոր շեշտ եւ արտայայտութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:

Էդուարդօ Էռնեկեանի գլխաւորած արժանթինեան «Քորփորասիոն Ամերիկա»ն Փետրուար 6ին շահած է Պրազիլի երեք սեփական օդակայաններէն մէկուն հետ պայմանագիր կնքելու իրաւունքը:

Աթոմ Էկոյեան վերջերս ձեռնարկած է Մարթին Ռիմբի «Cruel and Tender» թատերախաղի բեմադրութիւնը, Թորոնթոյի մէջ: Ան բեմ պիտի բարձրացնէ անգլիացի նշանաւոր թատերագրին գործը «Canadian Stage Company»-ին համար:

Ս. Ծննդեան Տաղաւարին առթիւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենադպիր Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան 28 Յունուար 2012ին, իր հետ ունենալով Արթուն սարկաւագ Տամատեանը՝ մեկնեցաւ Անգարա: Տէր հայրը դիմաւորուեցաւ անգարաբնակ ազգայիններէն Պարգեւ Չէրքէզի կողմէ եւ հիւրասիրուեցաւ անոր բնակարանին մէջ: