Աբխազիոյ մէջ 10 Մարտին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանին ընթացքին 35 ընտրական տարածքներէն 13-ին մէջ յաղթողներ եղած են: Հայ 9 թեկնածուներէն երկուքը՝ Վաղարշակ Քոսեան եւ Ռոպերթ Եայլեան, արդէն մուտք գործած են խորհրդարան:

«Ասպարէզ»էն կ'իմանանք, թէ Կիրակի, Մարտ 11ին, պասքեթպոլի հռչակաւոր մարզիկ Լամար Օտըմի եւ իր կնոջ Քլօի Քարտաշեանի «Քլօի Եւ Լամար» յայտագիրին մէկ մասը յատկացուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան քննարկումին, որուն շնորհիւ Կիրակի եւ Երկուշաբթի օրերուն, Ցեղասպանութեան շուրջ հետաքրքրութիւնը զգալի աճ արձանագրած է համացանցին վրայ:

Հայոց մեծ Եղեռնի ժամանակ կորսնցուցած ըլլալով իր ծնողները, մի քանի տարեկան երեխայ Աստղիկ Ալեմեանը յանձնուած էր սուրիական մանկատուներէն մէկու խնամքին: Բարեբախտաբար իր քեռին յաջողած էր գտնել փոքրիկ Աստղիկին, իր հետ առնելով եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթելով:

2011-ին, Արշիլ Կորքիի թոռնուհիին՝ Քոզիմա Սփէնտըրի բեմադրութեամբ, Անգլիոյ մէջ ցուցադրուեցաւ «Առանց Կորքիի» (Without Gorky) վաւերագրական ժապաւէնը:

Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ հանդիպում ունենալէ ետք, երէկ հանդիպում ունեցան նաեւ նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի հետ: