Ուաշինկթընի մէջ կայացած ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որեւէ խօսք չեղաւ Ղարաբաղեան հարցի կամ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»:

 ՄՈՍԿՈՒԱ
«Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին՝ Սուրիոյ մէջ համապարփակ երկխօսութեան զօրակցելու՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը կը քննէ արաբական եւ ՄԱԿի միացեալ խաղաղապահ ուժեր Սուրիա ղրկելու Արաբական լիկայի Շաբաթ օրուան որոշումը, սակայն ընդգծեց, որ ամէն բանէ առաջ, հարկ է հիւրընկալ երկիրին հաւանութիւնը ստանալ:

«Նուվել տ՛Արմենի» շաբաթաթերթը, վկայակոչելով հայրենի «Հայոց Աշխարհ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի Հայոց Թորգոմ արք. Մանուկեան պատրիարքը 19 Յունուարին մահաքունի մէջ մտած է եւ այժմ Երուսաղէմի մէկ հիւանդանոցին մէջ կը գտնուի:

«2011-ը Հայ մանուկի տարի էր, եւ 2012-ը՝ Հայ գիրքի: Այս իմաստով մանուկը եւ գիրքը կը միանան: Ի՜նչ լաւ է տեսնել, թէ անոնք կը միանան Աստուածաշունչով»: Այսպէս արտայայտուեցաւ Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, 19 Յունուարին «Նարեկ» ազգային վարժարանին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ «Մանկա-Մեսիա» մանուկներու յատուկ հայերէն աւետարանի  բաշխում:

Կորրեր Թանգարան
Հնագիտական Ազգային Թանգարան – Մարչանա Ազգային Գրադարան
16 Դեկտեմբեր 2011-
10 Ապրիլ 2012

Հայ քաղաքակրթութեան նուիրուած մեծ ցուցահանդէս

Վենետիկի մէջ 1512 թուականին ծնունդ առած Հայկական տպագրութեան Ե. դարադարձին առթիւ, Վենետիկի Կորրեր Թանգարանը, Հնագիտական Ազգային Թանգարանը եւ Մարչանա Ազգային Գրադարանին հանդիսական դահլիճները պիտի հիւրընկալեն Հայ քաղաքակրթութեան նուիրուած մեծ ցուցահանդէս մը: