ԳԼԵՆԴԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբի եւ «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէնութեան համատեղ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» շարքի 8րդ հատորի ներկայացումը՝
Յունուար 18ի երեկոյեան ժամը 8ին, Գլենդէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից՝ «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնէն ներս: Հատորը խմբագրած է քաղաքական վաստակաշատ գործիչ եւ պատմաբան՝ Երուանդ Փամպուքեանը:
Միջոցառման բացումը կատարեց Հանրային կապի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Կիւրիւնեանը: Ողջունելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով գրասէր ներկաներուն՝ անա բեմ հրաւիրեց օրուայ բանախօս՝ ՀՅԴ Արխիւների հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեանը, ներկայացնելու համար վերջերս լոյս տեսած սոյն հատորը:
Վաչէ Բրուտեանը, նշելով, որ ներկայիս հատորը կÿընդգրկէ 1909-19011 թուականներուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութիւնը, ժողովներու, արձանագրութիւններու եւ պատմական իրադարձութիւններու ու փաստաթուղթերու մանրամասնութիւնները, հանգամանօրէն անդրադարձաւ հատորին մէջ տեղ գտած քաղաքական կարեւոր դրուագներուն ու արծարծուած հարցերուն:
Հայ պատմաքաղաքագիտութեան մէջ բարձրարժէք աշխատութիւններ կը համարուին «Նիւթեր ՀՅԴ Պատմութեան Համար» հատորները, որոնք սկսան լոյս տեսնել նախ ականաւոր մտաւորական, ՀՅԴ Բիւրոյի բազմամեայ անդամ Հրաչ Տասնապետեանի, ապա իր մահէն յետոյ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ:
Հատորի ներկայացումէն յետոյ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն՝ հարցումներ ուղղելու ներկայացուած նիւթի շուրջ, որոնց հանգամանօրէն պատասխանեց Վաչէ Բրուտեանը:
Միջոցառման աւարտին հիւրասիրութեան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ գնելու եւ ուենենալու «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» շարքի 8րդ հատորի օրինակներ:
Գիրքը կը վաճառուի Գլենդէյլի «Սարդարապատ» գրախանութին կողմէ: