«Հրանդ Տինք» հիմնադրամի հրատարակչութեան կողմէ հրապարակուած է Ֆերտա Բալանջարի կողմէ կազմուած «Լռութեան ձայնը. կը խօսին Թուրքիոյ հայերը» գիրքը։ Այս աշխատութիւնը բաղկացած է Պոլսոյ  եւ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ բնակող հայերու հետ կայացած հարցազրոյցներէ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող մեր թերթի գործակից «Ասպարէզ» օրաթերթը՝ հրատարակած է տարեկան իր բացառիկը, որու կողքի լուսանկարը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին:
Ճոխ բովանդակութեամբ երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) հրատարակութիւնը կը տրամադրուի օրաթերթի բաժանորդներուն:


Անցեալ շաբաթավերջին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ շարք մը միջեկեղեցական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ:

Եւրոպական  խորհրդարանի նոր նախագահի պաշտօնին  ընտրուեցաւ  եւրոպական խորհրդարանէն ներս  սոցիալ- դեմոկրատներու  խմբակցութեան նախագահ, գերմանացի Մարթին Շուլցը:

ՓԱՐԻԶ
Շատոնց է կը սպասուէր, վերջապէս պատահեցաւ անխուսափելին: Ուրբաթ, Յունուար 13ին Ֆրանսա կորսնցուց տնտեսական առողջութեան բարձրագոյն յայտարար՝ հռչակաւոր «AAA»ն վարկանիշը: