Աւստրիոյ մէջ 2 Փետրուարին ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան հանդիպում ունեցաւ Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Պարպարա Պրամերին հետ:
Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Աւստրիոյ միջեւ համագործակցութիւնը երկկողմ խորհրդարանական եւ բազմակողմ միջխորհրդարանական կառոյցներուն միջեւ: Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու խորհրդարաններու միջեւ գործունէութեան աշխուժացման:
Դեսպանը տիկին Պրամերի խնդրանքով ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնայնութիւնները, յարաբերութիւնները հարեւան երկիրներուն հետ, ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմ, մասնաւորապէս, առեւտրական ոլորտէն ներս Հայաստանի եւ Աւստրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը: