Անհրաժեշտ է նոր ընթացք ու արտայայտութիւն տալ միջեկեղեցական շարժումին»
կ'ըսէ Արամ Ա. կաթողիկոս
Իր խօսքը ուղղելով միջեկեղեցական խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն՝ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց միջեկեղեցական շարժումին նոր ընթացք, նոր շեշտ եւ արտայայտութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառը նախ յիշեցուց ներկաներուն, թէ երեք հիմնական իրողութիւններ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, երբ կը խօսուի էքիւմենիք շարժումին մասին. «ա) էքիւմենիք շարժումը մէկ է, հակառակ անոր ունեցած տարբեր արտայայտութիւններուն: բ) Եկեղեցւոյ ինքնաճանաչման ու ինքնաարտայայտութեան տարածքները իբրեւ մէկ ամբողջութիւն առանցքային ներկայութիւն պէտք է դառնան էքիւմենիք շարժումին մէջ: գ) Էքիւմենիք շարժումը ոչ կառոյց է եւ ոչ ծրագիր, այլ մնայուն ընթացք մըն է, որ կը ստանայ տարբեր արտայայտութիւն ու շեշտ՝ համահունչ ու յարափոփոխ պայմաններուն»:
Այս ներածական բաժինէն ետք, վեհափառը խօսեցաւ երեք երեւոյթներու մասին, որոնք կը յատկանշեն ներկայ էքիւմենիք շարժումը. «եկեղեցակեդրոնէն դէպի ժողովրդակեդրոն էքիւմենիզմ. բազմաեկեղեցական մասնակցութենէ դէպի դաւանակից եկեղեցիներու էքիւմենիզմ. համատիեզերական էքիւմենիզմէն դէպի շրջանային ու տեղական էքիւմենիզմ»: Այս երեւոյթներուն դրդապատճառներուն ու անոնց դրական թէ բացասական հետեւանքներուն լայնօրէն անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոս՝ յիշեցնելով, թէ «էքիւմենիք շարժումը այս բոլոր տարածքներուն ու արտայայտութիւններուն երկխօսութեան շրջագիծը հանդիսացած է: Հետեւաբար, մէկուն շեշտաւորումը՝ ի վնաս միւսին, կրնայ հարցականի տակ առնել իւրայատկութիւնը եւ նպատակը էքիւմենիք շարժումին»:
Նկատի ունենալով, որ համագումարին գլխաւոր նիւթը «քոնսիլիարիթի»-ն է, իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառը խօսեցաւ ժողովական (քոնսիլիարիթի) էքիւմենիզմի մասին: Ան յիշեցուց, որ քոնսիլիարիթին եկեղեցւոյ էութեան մաս կը կազմէ, որովհետեւ եկեղեցին իբրեւ համայնք կարիքը ունի փոխյարաբերութեան, խորհրդակցութեան ու որոշում գոյացնող կառոյցներու: Վեհափառը ընդհանուր աստուածաբանական վերլուծում մը կատարեց քոնսիլիարիթիի մասին եւ ապա ընդհանուր գիծերով պարզեց 1968-էն մինչեւ 1990 թուական միջեկեղեցական ժողովներու կատարած քննարկումներուն յատկանշական կէտերը քոնսիլիարիթիին մասին: Ապա իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառը շեշտեց, որ էքիւմենիք շարժումին առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ զարգացնել այնպիսի ժողովական դրութիւն մը եկեղեցիներուն միջեւ, ուր պահուի զանազանութիւնը՝ միաժամանակ ամրապնդելով հասարակաց սկզբունքներն ու արժէքները, որոնք հիմքը կը կազմեն եկեղեցւոյ միութեան:
«Ընդհանրական ժողով եւ էքիւմենիզմ» նիւթով խորհրդաժողովին մասնակիցները
այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Շրջանային ընդհանուր քարտուղարներու համաշխարհային խորհրդաժողովի բացումը կատարուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ու ներկաները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ իբրեւ նախկին ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, էքիւմենիք փորձառութեամբ հարուստ, էքիւմենիզմի տեսլականով եկեղեցապետ եւ հեղինակ էքիւմենիզմի մասին բազմաթիւ գիրքերու՝ լսելու համար էքիւմենիզմի եւ ընդհանրական ժողով եզրերու մասին վեհափառին խոր- հրդածութիւնները:
Վեհափառը խօսեցաւ միջազգային եկեղեցագործութեան, Էքիւմենիզմի գործնականութեան եւ իրականացման համար թափուած ճիգերուն, եկեղեցիներու էքիւմենիզմի մասին տարբեր ըմբռնումներուն, դիմագրաւուած նորանոր «շիզմերու» ներխուժման մարտահրաւէրներուն եւ եկեղեցիներու միութեան համար էքիւմենիզմի նոր մեկնաբանութիւններու կարիքին մասին՝ ընդգծելով քրիստոնեայ-իսլամ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ներկաները երկար հարցադրումներով լսեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին աստուածաբանական խորհրդածութիւնները:
Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանա եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ՝ տոքթ. Օլաֆ Թվիդ:
Ներկաները ապա այցելեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանը եւ կէսօրին եղան վեհափառին ճաշի հիւրը: Յայտնենք, որ աւելի քան 44 ընդհանուր քարտուղարներ երկրագունդի բոլոր կողմերէն կը մասնակցին այս խորհրդաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Սայտաթ էլ Ժապալ վանքին մէջ՝ Ատմա, մինչեւ 11 Փետրուար:
Պէյրութի մէջԻսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողով
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողով մը՝ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ Պէյրութի առաջնորդարանին կատարած այցելութեան առիթով:
Վեհաժողովին Ռայի պատրիարքին կողքին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք, Լիբա- նանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ասորի կաթողիկէ հա- մայնքի Իգնատիոս Եուսեֆ Եունան պատրիարք, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս, յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարք, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապ-պանիի ներկայացուցիչ շէյխ Ամին Քըրտի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխ նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի ներկայացուցիչ շէյխ Ահմետ Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, վեր. Սելիմ Սահիուն եւ շարք մը այլ հոգեւորականներ:
Վեհաժողովէն ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն‘ որդեգրելու լիբանանեան միացեալ կեցուածք մը եւ ազգային ճառախօսութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի խաղաղութիւնը պահպանել՝ շրջանային բարդ եւ զգայուն պայմաններուն լոյսին տակ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վեհաժողովը կը դրսեւորէ ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան երկիր ըլլալու Լիբանանի օրինակելի պատկերը: