Ներկայ էր հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Նշան արք. Գարաքեհէեանը

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 33-րդ տարեդարձը մեծարելու նպատակով՝ կեանքի կոչուած է կեդրոնական յանձնախումբ մը եւ բազմաթիւ յանձնախումբեր:


Երկուշաբթի, Յունուար 30-ի երեկոյեան, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը նախագահական ապարանքէն ներս ընդունեց բոլոր յանձնախումբերու, նաեւ՝ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները: Նախագահը կարեւորեց Իսլ. յեղափոխութեան յաղթանակի տարեդարձը եւ «Ֆաջր»-ի տասնօրեակի շքեղ նշումը:
Նախագահի ելոյթէն առաջ՝ արտայայտուեցաւ «Ֆաջր»-ի տասնօրեակի պետական յանձնախումբի նախագահ Զարէն եւ զեկուցեց կազմակերպուելիք ծրագրերու մասին:
Թեհրանահայ համայնքէն հանդիպման ներկայ էին՝ Տ. Սահակ քհնյ. Խոսրովեանը, Տ. Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեանը, Թ. Հ. Թեմական խորհուրդի անդամներ, հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Նշան արք. Գարաքեհէեանը եւ առաջնորդարանի ու  Յարաբերական մարմնի անդամներ:

 

Նոր Ջուղայի մէջ շարք մը պողոտաներ պիտի կրեն հայ նահատակներու անունները

Նոր Ջուղա-Իրանի Իսլ. յեղափոխութեան 33-րդ տարեդարձին ընդառաջ՝ երէկ՝ «Դահէ ֆաջր»-ի (յաղթանակի տասնօրեակ) առաջին օրը, առաւօտեան ժամը 9:33-ին, ղօղանջեցին Նոր Ջուղայի եկեղեցիներու զանգերը՝ ի յիշատակ 1357 թուականի բահմանի 12-ի օրը Էմամ Խոմէյնիի հայրենիք վերադարձի:
Այս տարի եւս, ինչպէս միշտ՝ Սպահանի հայոց թեմի մարմիններու, դպրոցների ու միութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի կÿունենան մշակութային, մարզական եւ հասարակական տարբեր միջոցառումներ՝ գիտական ու դպրոցական մրցոյթներ, նկարչութիւնների, լուսանկարների, պատի թերթերի եւ գրքի ցուցահանդէսներ՝ Իսլ. յեղափոխութեան յաղթանակի նշման կապակցութեամբ:
Այս բոլոր ծրագրի ծիրէն ներս կարեւորութեամբ նշենք Կրօններու երկխօսութեան միջազգային համագումարը, որը Սպահանի նահանգի Աստուածային կրօններու գրասենեակի նախաձեռնութիւնն է եւ որու կազմակերպական աշխատանքներուն համագործակցած են նահանգի կրօնական փոքրամասնութիւններու ղեկավար կառոյցները: Սոյն միօրեայ համագումարը, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 2-ին, ընդհանրական եւ մասնագիտական երկու  նիստերու ընթացքին ուն-կընդրեց զեկուցումներ՝ «Պաշտամունքը՝ միաստուածային կրօնների մէջ» եւ «Կրօնների դերակատարութիւնը՝ հոգեւոր արժէքների եւ արդարութեան տարածման գործում» նիւթերով, որոնց շուրջ Սպահանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բաբգէն եպս. Չարեանի եւ Թեմական խորհրդի հրաւէրով հայութեան կողմէ նիւթերը ներկայացուեցան Լիբանանից Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի եւ Թեհրանէն՝ ճրտգ. Վարդան Վարդանեանի կողմէ:
Յատկանշական այլ աշխատանքներէն է Նոր Ջուղայի մէջ շարք մը պողոտաներու անուանակոչումը պատերազմի հայ նահատակներու անուամբ: