Աթոմ Էկոյեան վերջերս ձեռնարկած է Մարթին Ռիմբի «Cruel and Tender» թատերախաղի բեմադրութիւնը, Թորոնթոյի մէջ: Ան բեմ պիտի բարձրացնէ անգլիացի նշանաւոր թատերագրին գործը «Canadian Stage Company»-ին համար:


Թատրերգութեան բեմադրութիւնը պատճառ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի Էկոյեան վերադառնայ թատերական աշխարհ եւ թատերական ասպարէզէն ներս համագործակցութեան առաջին առիթը ունենայ իր կնոջ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի հետ։
«Այս մէկը կատարեալ թատրերգութիւն մըն է. երբ զայն կարդացի, անմիջապէս մտածեցի թէ աշխատանքի անհաւատալի առիթ մըն է, որ Արսինէին հետ միասնաբար կրնանք իրականացնել», CBC News-ին յայտնած է Էկոյեան:
«Cruel and Tender»-ը, ընտանեկան ողբերգութիւն մըն է՝ պատերազմի եւ ցեղասպանութեան անդրադարձով։ Էկոյեանի համաձայն ան վերստեղծումն է Սոֆոքլէսի «The Women of Trachis» յունական ողբերգութեան:
«Թատրերգրութեան նիւթը ներգրաւող է եւ զգացական: Ան կը վերաբերի ընտանեկան աշխուժ առօրեային, սակայն համամարդկային դիտանկիւնով ընդլանուած»:

Էկոյեան իր ասպարէզը սկսած է որպէս թատերագիր։ Ան կը վերյիշէ թէ ինչպէս 1970-1980-ականներու Թորոնթոյի բեղուն թատերական կեանքը հիմնական ազդեցութիւն գործած է իր վրան եւ զինք ներքաշած է Թորոնթօ: Էկոյեան, որ յատկապէս ծանօթ է Exotica, The Sweet Hereafter, Ararat եւ Chloe ֆիլմերով, մերթ ընդ մերթ աշխատած է արուեստի այլ մարզերէն ներս, ինչպէս՝ հեռատեսիլի (Gross Misconduct ֆիլմաշարով), թատերախաղի արտադրութիւն՝ Samuel Beckett-ի Eh Joe, օփերայի՝ Salome, որ պիտի վերացուցադրուի յառաջիկայ թատերաշրջանին Canadian Opera Company-ին կողմէ:
Էկոյեան կը նշէ նաեւ որ «Cruel and Tender»ի պատրաստութիւնը լաւ առիթ մը եղած է, որպէսզի ապրի թատրոնի եւ թատերախումբին ընտանեկան բնոյթը, ինչ որ կը տարբերի ֆիլմերու բեմադրական աշխարհին։
«Ինչ որ կը տեսնէք բեմին վրայ այն անհաւատալի հաղորդակցութիւնն է, որ գոյութիւն ունի դերասանին եւ հանդիսատեսին միջեւ. ես ստանձնեցի այս աշխատանքը այդ հաղորդակցութեան նպաստելու համար», կ'ըսէ ան:


ՑՈԼԻՆԷ