ԿԱԼԿԱԹԱՃԵՄԱՐԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ


2012 թուականի Յուլիս 7-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիի  ներքեւ  գործող Հայոց մարդասիրական ճեմարանի (Կալկաթա, Հնդկաստան) ռակպիի խումբը «Centenary» բաժակի  առաջնութեան եզրափակիչ հանգրուանի ընթացքին  տպաւորիչ յաղթանակ մը տարաւ  «Մէյտան Հազարդ» խումբին դէմ:

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին ա ռիթով, այլ ձեռնարկներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Վեհափառ հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ նախաձեռնած է արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններու նուիրուած շուրջ 100 հատորներէ բաղկանալիք յուշամատեաններու հրատարակութեան. այս եզակի ծրագիրը արդէն իսկ գործնական ընթացքի մէջ մտած է:

BBC կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած է, որ կը նախատեսէ Հայոց Ցեղասպանութեան  ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացնել աշնան երկրորդ կիսուն: 

Միջազգային լրատուադաշտը յատուկ լուսարձակներով նախ կեդրոնացաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի յայտարարութեան վրայ՝ ժխտողականութեան վերաբերող օրինագիծի յարութիւնը դժուար տեսանելի նկատելու առումով, ապա նախագահ Հոլլանտի յայտարարութեան վրայ, թէ այս ուղղութեամբ կը մնայ իր յանձնառութիւններուն տէրը:

Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»ը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 28էն  Յուլիս 1, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. հովուապետական այց մը կատարեց Մարսիլիա՝ Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ օծման եւ անուանակոչութեան 80ամեակի տօնակատարութիւններուն նախագահելու համար։