ԿԱԼԿԱԹԱՃԵՄԱՐԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ


2012 թուականի Յուլիս 7-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիի  ներքեւ  գործող Հայոց մարդասիրական ճեմարանի (Կալկաթա, Հնդկաստան) ռակպիի խումբը «Centenary» բաժակի  առաջնութեան եզրափակիչ հանգրուանի ընթացքին  տպաւորիչ յաղթանակ մը տարաւ  «Մէյտան Հազարդ» խումբին դէմ:


Յունիս 23-ին տեղի ունեցած կիսաեզրափակիչին՝  Մարդասիրականի տղաները դարձեալ տպաւորիչ՝ 35-05 հաշիւով յաղթեցին «Ֆրանկ Անտոնի» դպրոցի խումբին:
Բաժակին համար մղուող եզրափակիչ խաղը Մարդասիրական ճեմարանի - «Մէյտան Հազարդ» խումբերու  միջեւ  տեղի ունեցաւ Յուլիս 7-ին: Խաղի ընթացքին  երկու խումբերն ալ իրենց լաւագոյնը դրսեւորեցին՝ ցուցադրելով ռակպիի մէջ ունեցած իրենց հմտութիւնն ու վարպետութիւնը: Երիտասարդ մրցակիցները ցուցաբերեցին հրաշալի խաղ: Այնուամենայնիւ, մրցակիցը հարկադրուած եղաւ տեղի տալ Մարդասիրականի խումբին, որ խաղաց մեծ նուիրումով եւ  նախանձախնդրութեամբ:
Հայոց մարդասիրական ճեմարանի մարզական խումբը տպաւորիչ՝ 27-05 հաշիւով նուաճեց «Centenary» բաժակը:
Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Տէր Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեանը  շնորհաւորեց խումբի  մարզիչ Արմէն Ափելեանին եւ  բոլոր խաղացողներուն, օրհնեց իր սաները՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ:
Մարդասիրականի ռակպիի խումբը այս տարի եւս երկու կարեւոր մրցաշարքերու պիտի մասնակցի՝  մի քանի շաբաթէն  սկսող Կալկաթայի առաջնութեան բաժակին, իսկ Սեպտեմբերին՝  Հնդկաստանի առաջնութեան մրցումներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆ - «ՈՎԱՍԻՍ 2012» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ

Սկսաւ գործել  «Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրը: Ծրագրի մասնակից աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, կանուխէն  սկսած էին հաւաքուիլ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Աշակերտները ուրախ տրամադրութիւններու մէջ անհամբեր կը սպասէին «Ովասիս»ի աշխատանքներուն եւ պտոյտներուն:
Ժամը 10:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը: Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ «Ովասիս»ը հաճելի եւ ուրախ ամառնային ծրագիր մըն է, որ նաեւ ունի դաստիրակչական եւ ազգային նպատակներ:
Տնօրէնը շեշտեց, որ ծրագիրի մասնակիցները պէտք է կարգապահութեամբ հետեւին ծրագիրի օրէնքներուն, որպէսզի աշխատանքները հեզասահ կերպով ընթանան: Պրն. Կրէկուար Գալուստ բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանէն, Տուպայէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Պահրէյնէն,Գանատայէն, Ուրուկուէյէն, Ուքրանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Շուէտէն Լիբանան ժամանած մասնակցող «Ովասիս»ի աշակերտներուն:
«Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրը ունի փոքրերու (3-7) եւ մեծերու (8-13) Փոքր եւ Մեծ Մասիս խումբերը, որոնք բաժնուած են 9 դասարաններու մէջ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անուններու:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները, ուր ստացան Եռագոյնով կազմուած «Ովասիս»ի տարազները, մինչ «Ովասիս»ի գլխաւոր պատասխանատու Գարոլին Թերզեան պատասխանատուներու անձնակազմին հետ կատարեց առաջին օրուան ստուգումները եւ դասաւորումները:
Յայտնենք, որ «Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտներու ծնողները «Ովասիս»ի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ պտոյտներուն ծանօթանալու համար, կրնան այցելել Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը (www.facebook.com/mesrobiancollege):

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՔՐԵՍԵՆՏԱ  ՀՈՎԻՏ

«Զաւարեան» Ամառնային Ճամբար Ընդառաջելով ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի (Քրեսենթա Հովիտ) հրաւէրին՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Հայ կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ամառնային բանակավայրը եւ հաճելի պահ մը բոլորեց պատասխանատուներուն ու պատանիներուն հետ։ 
Առաջնորդը Կեդրոն հասաւ ժամը 11ին եւ դիմաւորուեցաւ ճամբարի պատասխանատուներուն ու աշակերտներուն կողմէ։ Ողջոյնի խօսք արտասանեցին ճամբարի պատասխանատուներէն Արփի Տապպաղեան եւ աշակերտներէն Փաթիլ Քէլէշեան։ Անոնք հակիրճ բացատրութիւններ տուին ճամբարի դաստիարակչական ու հաճելին օգտակարին միացնող ժամանցի ծրագիրներուն մասին, ապա նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, թէ սրբազանը ընդառաջած է հրաւէրին։
Պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը. ներկայացուեցան ջութակի, սրինգի եւ դաշնակի վրայ նուագներ, խմբային երգ եւ «Կեանքից Թանկ Բանը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած տրամա մը։
Աշակերտները յայտնեցին, թէ իրենց ծրագիրներուն մէջ, կարեւոր տեղ կը տրամադրեն հայերէն գիրքերու ընթերցումին, մանաւանդ որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012ը հռչակած է Հայ Գիրքի տարի։ Անոնք խոստացան հետեւիլ առաջնորդի յորդորներուն եւ ամբողջական իմաստով ըլլալ լաւ հայ։