«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս անցեալ Հինգշաբթի օր պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ գտնուող իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ դժուար թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին «յարութիւն տրուի»:

«Անկարելի է նոյն ճամբուն վրայ մնալ: Այլապէս, արդիւնքը յստակ է՝ նոյնը պիտի ըլլայ», ըսած է Ֆապիւս:
Թուրքիա անցեալ ամիս յայտնած էր, որ պիտի վերցնէ այն բոլոր պատժամիջոցները, զորս սահմանած էր Ֆրանսայի դէմ, երբ այդ երկրի խորհրդարանի երկու տուները որդեգրած էին Հայոց ցեղասպանութեան  ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը օրէնքը «խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող» նկատած էր:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ իր նախընտրական պայքարին ընթացքին ըսած էր, որ անձամբ այդպիսի օրինագիծի ներկայացման պիտի նախաձեռնէ եւ պիտի հետեւի ատոր որդեգրման:
Ֆապիւս նշած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն եւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութեանց հարցերը, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ մշակութային հարցեր:
«Անկայուն շրջանի մը մէջ, մեր դաշնակից Թուրքիան անհրաժեշտ դերակատար մըն է եւ կայունութեան ազդակ մը», ըսած է ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ շուրջ երկու երկիրներուն տեսակէտները շատ մօտ են:
Ֆապիւս նշած է, որ «ֆրանսական կառավարութիւնը նախկին կառավարութենէն ժառանգուած շարք մը հարցեր կը քննէ»: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը հանրաքուէի պիտի դրուի: «Ի վերջոյ հարցը ժողովուրդին որոշումէն կախեալ պիտի ըլլայ», յայտարարած է ան:
Նշենք, որ Հոլլանտ նախընտրական շրջանին ըսած էր. «Ատիկա յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին տեղի պիտի չունենայ»:
Տաւութօղլու իր կարգին յայտնած է, որ ինք Փարիզ այցելեց «նոր ժամանակաշրջան մը» սկսելու համար՝ նշելով, որ թուրք-ֆրանսական դիւանագիտական յարաբերութիւնները միջազգային դիւանագիտութեան համար կարեւոր են:
Ան աւելցուցած է, որ յարաբերութիւնները յառաջ մղելու կարողականութիւն գոյութիւն ունի, եւ իրենք երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը կը ձգտին 15 միլիառ տոլարի հասցնել:
Տաւութօղլու շեշտած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ուրախ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը Թուրքիոյ մէջ հիւրընկալելու:
Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիա վերցուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին պատճառով Ֆրանսայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, իսկ Ֆապիւս հրամայած է Պորտոյի եւ Նանթի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանները բանալու համար անհրաժեշտ գործողութիւնները ամբողջացնել:


«Օլլանտը երբեք չի դաւաճաներ մեզ, սակայն
պէտք է զգօն մնալ»
կ'ըսէ ՀՅԴ ներկայացուցիչը

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանը «Ֆեյսպուք» սոցիալական ցանցի միջոցաւ, հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Ֆրանսայի նախագահը ինձ վստահեցուցած է, որ հաւատարիմ կը մնայ իր խոստումներուն: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քուէարկութեան պիտի դրուի: Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ չի հրաժարիր իր ստանձնած ոչ մէկ պարտաւորութենէ»:
Փափազեան նաեւ յայտնած է, որ յառաջիկային նախագահը պաշտօնապէս պիտի ընդունի հայկական պատուիրակութիւնը: