Ամերիկահայ արձակագիր Քրիս Պոհճալեան իր 15-րդ գիրքի՝  «Աւազ» ամրոցի աղջիկները» վէպի թողարկումէն ետք հարցազրոյց տուած է Armenian Weekly-ին: Վերջինիս բնորոշմամբ Պոհճալեան այնպիսի հեղինակ է, որ «կը բռնէ սրտէդ եւ կը հրաժարի ձգելէն»: Իսկ այն թէ ինչպէս ան կը հասցնէ իր գիրքը գովազդելու շրջագայութիւնը իրականացնել եւ իր մասնաւոր կեանքը վայելել, AW-ի բնորոշմամբ, կիզակէտային ժանրէն է:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն առաջին պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Եգիպտոս, իսլամիստ նոր նախագահ Մոհամետ Մորսիի ընտրութենէն ետք: Ցուցարարներ լոլիկներ եւ կօշիկներ արձակեցին Քլինթընը փոխադրող ինքնաշարժին դէմ: Անոնք լոզունգներ կը բացագանչէին, ինչպէս եւ «Մոնիքա, Մոնիքա» անունը, ակնարկելով Լեւինսկիի հետ Պիլ Քլինթընի գայթակղութեան...

«Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ, ըստ Քրեմլինի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 18 Յուլիսին հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, երբ վերջինս Ռուսիա այցելէ:
Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ներառեալ՝ Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ աշնան

Ինչպէս ծանօթ է, աւելի քան տարի մը   առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութեան նուիրուած համասփիւռքեան համագումար մը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Քրասնոտար երկրամասին մէջ պատահած ջրհեղեղին հետեւանքով զոհուած 149 անձերու ցանկին մէջ հայկական ութ ազգանուններ կան: