Մահմուտ Ապպաս թոյլատրած է Եասէր Արաֆաթի մարմնի արտաշիրմումը

Եասէր Արաֆաթի մահուան պատճառները պարզելու նպատակով, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս թոյլատրած է անոր մարմնի արտաշիրմումը:

«Ալ Ճազիրա» կայանի վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրումէն ետք, հարցականներ յարուցուած էին Արաֆաթի մահուան պատճառներու վերաբերեալ:
Պաղեստինեան իշխանութիւնները պահանջած են Արաֆաթի «նահատակութեան» շուրջ հաւաստի միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբի մը կազմութիւնը, դիտել տալով թէ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ նախկին առաջնորդին անձնական իրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր արեան, մեզին եւ քրտինքին մէջ յայտնաբերուած է փոլոնիում-210 ռատիոաքթիւ նիւթը:
Իսրայէլեան  քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւրներ կը մերժեն Եասեր Արաֆաթի սպանութեան պատասխանատու ըլլալու Իսրայէլին ուղղուած ամբաստանութիւնները: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ Արաֆաթի մահուան պատճառը նշուած է անոր այրիին՝ Սուհայի մօտ գտնուող բժշկական թղթածրարին մէջ: Ան նշեց, որ Արաֆաթ անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ չմահացաւ, այլ՝ Ֆրանսայի մէջ գտնուող հանրածանօթ հիւանդանոցի մը մէջ, ուր անոր դարմանումին կը հսկէր ֆրանսական բժշկական մեծաթիւ անձնակազմ մը, իսկ այդ անձնակազմին անդամները քաջածանօթ են անոր մահուան պատճառներուն:
Բանբերը նշեց, որ կարելի չէ հիմնուիլ «Ալ  Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին սփռած այն վաւերագրական ժապաւէնին վրայ:
Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը նշէ, որ Արաֆաթի դիակի գերեզմանէն դուրս բերումն ու դիազննութիւնը պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ անոր ղեկավարած «Ֆաթհ» շարժումին կրնայ ծանր հարուած պատճառել: