Միջազգային լրատուադաշտը յատուկ լուսարձակներով նախ կեդրոնացաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի յայտարարութեան վրայ՝ ժխտողականութեան վերաբերող օրինագիծի յարութիւնը դժուար տեսանելի նկատելու առումով, ապա նախագահ Հոլլանտի յայտարարութեան վրայ, թէ այս ուղղութեամբ կը մնայ իր յանձնառութիւններուն տէրը:
Միջանկեալ՝ նոյն թափերով կը հաղորդուէր, որ Անգարան կը ջնջէր իր պատժամիջոցները Ֆրանսայի նկատմամբ:
Հայկական կողմը, լրատուական առումով կ՛ալեկոծուէր՝ հիասթափութեան եւ վերայուսադրման ալիքներու տակ: Կարծէք Ֆրանսայի խորհրդարանի, ծերակոյտի եւ Սահմանադրական դատարանի իրերայաջորդ որոշումներն ու նախկին նախագահի ոստոստող կեցուածքները որեւէ ուղերձ փոխանցած չըլլային:
Քաղաքական պահու տրամաբանութիւնը գերակշիռ է հարցերու եւ շարժառիթներու տուն տուող պատճառները իմանալու եւ համապատասխան կեցուածքնե- րով արձագանգելու համար:
Նոյնինքն Անգարայի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է պատժամիջոցները չեղեալ համարելու որոշումի գործադրութիւնը առկախէր, երբ կ՛իմանար Ֆապիւսի յայտարարութեան յաջորդած Հոլլանտի յայտարարութիւնը:
Նախագահ Հոլլանտ միաժամանակ կը վերստանձնէր իր յանձնառութիւնը, միւս կողմէ հասկցնելով, որ նոր օրինագիծը շտապ կարգով ներկայացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ չի գտնուիր: Սահմանադրականութեան ապահովումը անհրաժեշտ է, ինչ որ իր կարգին ժամանակ կ՛ենթադրէ նոր օրինագիծի պատրաստութեան համար: Նոր օրինագիծը պէտք է անցնի նոր ոդիսականէ՝ ըստ ֆրանսական ընթացակարգին: Նախապատրաստութիւն, խորհրդարան, ծերակոյտ եւ ապա Սահմանադրական դատարան: Քաղաքական այս պտոյտին եւ անոր կանգառներուն քանի մը անգամ հետեւած է ու մասնակցած հայկական կողմը, որ իրաւամբ հարցի արդար լուծման համար կը շարունակէ պահանջել, յուսալ եւ պայքարիլ:
Չշտապելու նախագահական ուղերձը Անգարայի հետ ժամանակաւոր հրադադարի միտող մօտեցում է: Անգարան արագ ընկալած է թէ՛ Ֆապիւսի օրինագիծի վերարծարծման հաւանականութեան անտեսանելիութեան եւ թէ՛ Հոլլանտի չշտապելու անուղղակի ուղերձները եւ այս պայմաններուն մէջ ջնջած պատժամիջոցները: Փաստօրէն յայտարարողական մակարդակի վրայ է ամէն ինչ, առայժմ:
Այս տուեալները կը վերահամոզեն, որ հարցի արծարծումը վերստին օրակարգի վերածելու որոշումը հիմնովին կապ-ւած է Փարիզ-Անգարա յարաբերութիւններու կամ Էլիզէ-ֆրանսահայ համայնք ընտրական որեւէ հանգրուանի ըս-տեղծուած ակնկալութեան հետ:
Հայկական կողմը Ֆապիւսին դէմ բողոքելէ եւ Հոլլանտի յայտարարութեան նկատմամբ գոհունակութիւն յայտնելէ առաջ նախ պէտք է հարց տայ, թէ այս հարցին ուղղութեամբ նախագահ-արտաքին գործոց նախարարութիւն երեւցած հակասութիւնը ինչպէ՞ս կը բացատրէ պաշտօնական Փարիզը: Եթէ քաղաքականօրէն բովանդակազրկենք խնդիրը, Ֆապիւսի ըրածը պարզապէս հարցական ստեղծելն է իր նախագահի յանձնառութիւններուն վրայ: Աւելիով կը համոզուինք, որ թէ՛ Ֆապիւսի յայտարարութիւնը եւ թէ՛ Հոլլանտի «հերքում»-ը կը բխին Փարիզի պետական քաղաքականութենէն: Չմոռնանք, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովի առիթով էր Տաւութօղլու-Ֆապիւս հանդիպումը եւ «բարեկամներ»-ը շրջանային հարցեր լուծելէ առաջ պատժամիջոցային յարաբերութիւնները պէտք է վերականգնէին, թէկուզ յայտարարողական մակարդակի վրայ:
Մէկ կէտ եւս. ժխտողականութեան վերաբերող օրէնքը Ֆրանսայի ներքին կեանքին կը վերաբերի: Այդ օրէնքներու սահմանադրականութեան, տեսանելի կամ անհաւանական ըլլալուն մասին աւելի պատշաճ է, որ զբաղին ներքին գործոց կամ արդարադատութեան նախարարները:
Նախագահ Հոլլանտ երկու դիտողութիւն ունէր ընելիք իր նախարարին: Նախ, որ զբաղի իր ոլորտին վերաբերող հարցերով միայն եւ երկրորդ, հարցականի տակ չառնէ իր յանձնառութեան տէրը մնալու իր կեցուածքը: Բայց այս արդէն ֆրանսական ներպետական խնդիր է. իսկ ակնկալուող դիտողութիւնները դժուար տեսանելի են:
Խմբագրական «Ազդակ»ի