Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին ա ռիթով, այլ ձեռնարկներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Վեհափառ հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ նախաձեռնած է արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններու նուիրուած շուրջ 100 հատորներէ բաղկանալիք յուշամատեաններու հրատարակութեան. այս եզակի ծրագիրը արդէն իսկ գործնական ընթացքի մէջ մտած է:

Վերապրած հայերը իրենց տուներու աւերակներուն առջեւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ յուշամատեաններու շարքին առաջին հատորը՝ Բիւզանդ Եղիայեանի հեղինակութեամբ «Պատմութիւն Ատանայի Հայոց»ն է: Հատորը կը բաղկանայ աւելի քան 100 էջերէ. անոր մեկենասն է Ապու Տապիէն տէր եւ տիկին Գրիգոր Մահսերեճեան:
Ինչպէս յուշամատեաններու հրատարակութիւնը ծանուցող յայտարարութեան մէջ ըսուած էր, իւրքանչիւր հատորին տպաքանակը պիտի ըլլայ 1000 օրինակ եւ օրինակներ պիտի տրամադրուին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր մատենադարաններուն, կրթական ու մշակութային կառոյցներուն ու հայրենակցական միութիւններուն:
Շարքին երկրորդ թիւը՝ «Պատմութիւն Հաճնոյ Հայոց» տպագրութեան ընթացքի մէջ է: