ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ ԿԸ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾԷ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի 1 Յուլիս 2012-ին, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական

Մաղթանք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 17-րդ տարեդարձին բարեբաստիկ առիթով:  Մայր տաճարին մէջ յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին միաբան հայրեր յատկապէս ընտրուած Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին, եւ աղօթքներ կարդացին, բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով վեհափառ հայրապետին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռին:
Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ, օրուան խորհուրդը ներկայացնելէ ետք, վեր առաւ վեհափառ հայրապետի նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները, քաջ հովուապետի պատկերին մէջ: Ան յանուն միաբանութեան եւ համայն հաւատացեալ հայ ժողովուրդին, արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն մաղթեց վեհափառին, որպէսզի շարունակէ իր մեծ ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: 
Վեհափառ հայրապետը իր  պատգամին մէջ նախ անդրադարձաւ հոգեւորականի առաքելութեան. ան ըսաւ՝ «Հոգեւորականի մը կեանքի ճամբան, ի՜նչ աստիճանի ալ գտնուի, ի՜նչ հանգամանք ալ ունենայ, ծառայութիւն է միայն: Եւ ասյօր, մեր ժողովուրդն ու եկեղեցին որքան կարիքը ունին խորք ու որակ, հաւատք ու տեսիլք ունեցող ծառայութեան: Այսպէս կ’ըմբռնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր ծառայութիւնը: Անցնող 17 տարիներուն այս յանձնառութեամբ Մենք փորձեցինք ծառայել մեր Սուրբ Աթոռին ճամբով հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին»: