BBC կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած է, որ կը նախատեսէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացնել աշնան երկրորդ կիսուն:
Ըստ BBCի եւ Ֆրանս փրէս գործակալու-թեանց, Ֆրանսայի նախագահական պալատէն անցեալ Շաբաթ օր յայտարարած են, որ Հոլանտ իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին իր դիրքորոշումը արտայայտած է եւ ատոր հաւատարիմ պիտի մնայ: «Մենք պէտք է գտնենք ուղի մը, որ նոր նախագիծին բնագիրը համապատասխան պիտի դարձնէ սահմանադրութեան», ըսած են նախագահական պալատէն:
Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքէան կը յայտնէ թէ Հոլանտ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանին հեռաձայնելով ընդգծած է, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին իր տուած խոստումին: