Ամերիկահայ արձակագիր Քրիս Պոհճալեան իր 15-րդ գիրքի՝  «Աւազ» ամրոցի աղջիկները» վէպի թողարկումէն ետք հարցազրոյց տուած է Armenian Weekly-ին: Վերջինիս բնորոշմամբ Պոհճալեան այնպիսի հեղինակ է, որ «կը բռնէ սրտէդ եւ կը հրաժարի ձգելէն»: Իսկ այն թէ ինչպէս ան կը հասցնէ իր գիրքը գովազդելու շրջագայութիւնը իրականացնել եւ իր մասնաւոր կեանքը վայելել, AW-ի բնորոշմամբ, կիզակէտային ժանրէն է:


Շաբաթաթերթի գնահատա- կանով՝ ասիկա Պոհճալեանի ամենահաւակնոտ ու «անձնական» վէպն է, թերեւս անոր լաւագոյն երկն է 25 տարուան ասպարէզին ընթացքին, որ կ’ամրապնդէ անոր դիրքը ամերիկեան գրականութեան մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան ֆոնին ծաւալող արկածային սիրոյ եւ սերունդներով թաղուած մնացած ընտանեկան գաղտնիքի մասին պատմութիւնը  կ’որակուի «պարտադիր ընթերցանութեան գիրք» բոլոր անոնց համար, որոնք արկածներ կը փնտռեն:
Անցեալին New York Times-ի ամէնէն շար վաճառուողներու («Մանկաբարձուհիները» վէպին) հեղինակ Պոհճալեան ըսած է, որ իր նոր աշխատանքը կը նուիրուի իր զոքանչին՝ Սոնտրա Պելուերի եւ հօր՝ Արամ Պոհճալեանի յիշատակին:
Ըստ անոր՝ Սոնտրան իրեն ստիպած է գրել վէպը, իսկ հայրը ոգեշնչած է: Հեղինակը պատմած է, որ իր ամբողջ գիտակից կեանքի ընթացքին փափաքած է ցեղասպանութեան մասին վէպ գրել. առաջին անգամ նման փորձ ըրած է 1990-ականներուն, սակայն   անյաջող: Նոր աշխատանքը գրած է մէկ տարուան մէջ:
«Երրորդ դէմքով հանդէս եկող իմ հերոսուհին՝  Լորա Պետրոսեան, իմ իսկ գեղարուեստական տարբերակն է: Միւս հերոսներուն պատմութիւնները սերտօրէն առնչութիւն ունին Տանթէի դժոխքին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն էր»,- ըսած է գրողը:
Իր հերոսուհիին խօսքով Պոհճալեան կը յիշեցնէ, որ թէեւ Եղեռնին զոհ դարձաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող 1,5 միլիոն հայեր, շատերուն համար ատիկա կը մնայ «կոտորած, որուն մասին ոչինչ գիտեն»:
 «Լաւագոյն գիրքն է, որ ես երբեւէ կը գրեմ եւ ամենակարեւորը: Սրտիս խորքին մէջ ես գիտեմ ատիկա» կÿըսէ Պոհճալեան: