Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն առաջին պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Եգիպտոս, իսլամիստ նոր նախագահ Մոհամետ Մորսիի ընտրութենէն ետք: Ցուցարարներ լոլիկներ եւ կօշիկներ արձակեցին Քլինթընը փոխադրող ինքնաշարժին դէմ: Անոնք լոզունգներ կը բացագանչէին, ինչպէս եւ «Մոնիքա, Մոնիքա» անունը, ակնարկելով Լեւինսկիի հետ Պիլ Քլինթընի գայթակղութեան...