«Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ, ըստ Քրեմլինի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 18 Յուլիսին հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, երբ վերջինս Ռուսիա այցելէ:
Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ներառեալ՝ Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ աշնան

նախատեսուած երկու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի երրորդ ժողովի պատրաստութիւնը:
Քրեմլին աւելցուցած է, որ ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցութիւնը այդ հանդիպումին ընթացքին  քննարկուելիք գլխաւոր նիւթերէն պիտի ըլլայ՝  նշելով, որ երկու կողմերը նաեւ շրջանային եւ միջազգային կարեւոր հարցերու, ներառեալ Սուրիոյ իրադարձութեանց շուրջ տեսակէտներ պիտի փոխանակեն: