Հալէպի մէջ իրավիճակի սրումը պատճառ դարձաւ որ ՄԱԿ-ի դիտորդները դուրս գան Հալէպէն: Ինչպէս կը  տեղեկացնէ «Ֆրանս փրես» գործակալութիւնը, արդէն կը շարունակուին լայնածաւալ մարտերը զինեալ ընդդիմութեան եւ  կառավարական զօրքերուն միջեւ: Կառավարութիւնը ռազմական ուղղաթիռներ եւ ինքնաթիռներ կ'օգտագործէ:

Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ, 1 Օգոստոսին, տեղի ունեցաւ «Ջաւախքի  ճամբար»ի  փակման արարողութիւնը՝ յատուկ հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին ճամբարի մասնակից երիտասարդներն ու պատանիները իրենց ծնողներուն ներկայացուցին «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրին ընթացքին սորված պարերը, երգերը ու բանաստեղծութիւնները:

«Հայաստանի Փոքրիկ երգիչներ»ը երկու շաբաթ առաջ ժամանեցին Ճափոն՝ ծայրագոյն արեւելքի ամենէն տիպական եւ իւրօրինակ երկիրներէն մէկը։ Օդանաւի վայրէջքին հետ, փոքրիկ երգիչները իրենք զիրենք գտան արտասովոր միջավայրի մէջ, բարձրայարկ շէնքերով, կարգաւորուած պողոտաներով եւ հոյաշէն կամուրջներով, այլ մակարդակի եւ բարձրութեան վրայ գտնուող ճարտարարուեստական քաղաքի մը մէջ։ Արտաքին այս շքեղութեան կողքին

Առաւօտեան ժամը ճիշդ 08:15ին, երբ 67 տարիներ առաջ Հիրոշիմայի մէջ կÿարձակուէր աթոմական ռումբը, համախմբուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, ոգեկոչելու 140.000 մարդոց յիշատակը, որոնք զոհ գացին ամերիկեան «Էնոլա Կէյ» ռազմական օդանաւէն արձակուած ռումբին:
Այս տարի Հիրոշիմայի զոհերու յիշատակին իրագործուած ոգեկոչումները տեղի ունեցան Ֆուքուշիմա աթոմական ռազմակայանի վերագործարկման

16 սահմանապահներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, երէկ Կիրակի, Եգիպտոս-Իսրայէլ սահմանագիծին վրայ գործուած յարձակումի իբրեւ հետեւանք: Եգիպտացի պաշտօնակատար մը դիտել տուաւ թէ «սրբազան կռիւի ռազմիկներ» խմբակցութեան ծայրայեղականներ էին, որոնք Կազայէն ներթափանցում կատարեցին: