Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս որպէս նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, Ժընեւէն միջ-եկեղեցական մարմիններու,

կազմակերպութիւններու ու բարեսիրական միութիւններու կոչ ուղղեց Սուրիոյ ժղովուրդին կատարուող մարդասիրական օգնութիւնը արագացնելու ու բազմապատկելու: Այս մասին կը յայտնէ կաթողիկոսութեան կայքը։
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին կատարուող մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է ըլլայ բոլորին առանց խտրութեան, քրիստոնեային թէ իսլամին եւ Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն:
Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ շեշտեց կռիւներու անմիջական դադարեցումը եւ արդարութեան ու խաղաղութեան վերահաստատումը Սուրիայէն ներս:
Արամ Ա. վեհափառը նաեւ կոչ ուղղեց միասնականութեան, շեշտելով Սուրիոյ ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներուն ու շահերուն շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը: