16 սահմանապահներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, երէկ Կիրակի, Եգիպտոս-Իսրայէլ սահմանագիծին վրայ գործուած յարձակումի իբրեւ հետեւանք: Եգիպտացի պաշտօնակատար մը դիտել տուաւ թէ «սրբազան կռիւի ռազմիկներ» խմբակցութեան ծայրայեղականներ էին, որոնք Կազայէն ներթափանցում կատարեցին:


Յարձակումէն անմիջապէս ետք զինեալները փախուստի դիմեցին, սակայն իրենց օգտագործած մէկ ինքնաշարժը պայթեցաւ Հիւսիսային Սինայի մէջ: Երկրորդ ինքնաշարժը թիրախ դարձաւ իսրայէլեան օդային ուժերուն:
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մորսի արտակարգ ժողովի հրաւիրեց բանակի սպայակազմը եւ ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուները, հրահանգելով անպայմանօրէն բացայայտել յարձակումի պատասխանատուները: