Լոնտոնի մէջ շարունակուող Ողիմպիատային   Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները առայժմ որեւէ մրցանակի չեն արժանացած:
Հայաստանի 25 հոգինոց պատուիրակութեան անդամներէն հինգը արդէն դուրս  մնացած են մրցապայքարէն։

Աւստրիական Europaballett St.PՓlten թատրոնի ատրպէյճանցի պարողներ Մեհման եւ Նարիման Մարտանով վերադարձած են Պաքու, քանի որ հրաժարած են մասնակցելէ հայ նկարչուհի Գայիանէ Խաչատրեանին նուիրուած «Գայիանէ» մէկ գործողութեամբ պալէին:

Պայթումներ  եւ  օդէն  յարձակումներ

Ռազմական ուղղաթիռներու յարձակումներով յատկանշուեցաւ երէկ Կիրակի օրը Հալէպի մէջ:
Բախումներու եւ բռնութեան ալիքը կը շարունակուի բանակի ուժերուն կողմէ շրջաններու վերահսկողութիւնը ձեռք առնելու նպատակով:

Ընկերվար Միջազգայնականի (Սոցինթերն) ԱՊՀի, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի ընթացիկ ժողովը տեղի ունեցաւ Քիշնեւի մէջ 23-24 Յուլիսին՝ Մոլտովայի դեմոկրատական կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:

Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա» թերթը կը հաղորդէ թէ Հինգշաբթի, Յուլիս 26ին, ժամը 10էն սկսեալ, Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարութեան «Սան Մարթին» պալատին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Էլմար Մամետիարովի այցելութեան առիթով։