ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին ձեռնարկած Կազդուրման կայանի աշխատանքները ընթացք առին Երկուշաբթի, 30 Յուլիս 2012-ին, եւ Պէյրութէն դէպի Այնճար մեկնեցան 57 պատանիներ եւ 5 օգնականներ,

Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2012-ին աւարտեցաւ Համազգայինի ուսանողական 18- րդ հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, ուր համալսարանականները մօտէն ծանօթացան հայրենիքի կեանքին:

«Հալէպի լրատուական ցանց» ֆէյսպուքեան էջը կը հաղորդէ, որ հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն, հալէպահայ երիտասարդներ՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան տարբերանշանով եւ Սուրիոյ դրօշը կրող  շապիկներով,  սնունդ կը բաժնեն Հալէպի վերջին դէպքերէն  տուժած արաբներուն,

Սուրիահայերու հոսքը Հայաստան կը շարունակուի:  «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումին համաձայն, երէկ ուշ երեկոյեան «Արմավիա»-ի թռիչքով Երեւան հասան  150 սուրիահայեր եւս: Ժամանողները հիմնականին մէջ Հալէպէն էին:

«Թէեւ Վրաստանի կառավարութիւնը կը յարգէ երկրին մէջ բնակող կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, այնուհանդերձ, 2011 թուականը աչքի ինկաւ  շարք մը եկեղեցիներու՝ անոնց կարգին նաեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ յարձակումներով»,