«Հայաստանի Փոքրիկ երգիչներ»ը երկու շաբաթ առաջ ժամանեցին Ճափոն՝ ծայրագոյն արեւելքի ամենէն տիպական եւ իւրօրինակ երկիրներէն մէկը։ Օդանաւի վայրէջքին հետ, փոքրիկ երգիչները իրենք զիրենք գտան արտասովոր միջավայրի մէջ, բարձրայարկ շէնքերով, կարգաւորուած պողոտաներով եւ հոյաշէն կամուրջներով, այլ մակարդակի եւ բարձրութեան վրայ գտնուող ճարտարարուեստական քաղաքի մը մէջ։ Արտաքին այս շքեղութեան կողքին

զգալի էր նաեւ մարդոց բարոյական եւ հոգեկան յառաջդիմութիւնը, մարդկային վեհ յատականիշներ՝ ինչպիսիք են, մարդասիրութիւնը, ինքնազոհողութիւնը, պատիւն ու յարգանքը, անձը երբեք գերադաս չհամարելու առաքինութիւնը։ Հիւմանիզմի բարձր չափանիշներով մէկ ազգ, որուն հետ քառասնօրեայ շփումն ու  հաղորդակցութիւնը, անկասկած որ բան մը պիտի փոխեն «Հայաստանի Փոքրիկ երգիչներ»ու կեանքին ու մտածելակերպին մէջ։
Առաջին համերգը Եամակաթայ քաղաքի քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ էր։ Մինչ այդ, «Հայաստանի Փոքրիկ երգիչներ»ը արժանացան փառայեղ ընդունելութեան՝ ջերմագին ողջոյններով, կարմիր գորքով, եռագոյն դրօշներով եւ բարի գալուստի ջերմեռանդ խօսքերով։ Երգչախմբիս գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր դիրիժոր՝ Տիգրան Հեքեքեանն իր սրտի խօսքն ուղղեց ներկաներուն, յայտնելով որ  համերգային այս շրջագայութիւնը նուիրուած է հայ առաջին տպագիր գիրքի 500 ամեակին, ինչպէս նաեւ Ճափոնի եւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան քսանամեայ դիւանագիտական յարաբերութեան։  Նաեւ յուշեց, որ երգչախումբը ներկայիս կը գտնուի Ճափոն, որպէսզի գօտեպնդէ եւ զօրավիգ կանգնի այն մարդոց, որոնք վերջերս ենթարկուեցան տարերային աղէտի։ «Մին-Օն» մշակութային կազմակերպութեան Եամակաթայ մասնաճիւղի ներկայացուցիչը իր  կարգին մեծապէս շնորհաւորեց եւ ողջունեց «Հայաստանի Փոքրիկ երգիչներ»ուն գալուստը Ճափոն եւ մէջբերեց Տաիսաքու Իքեթայի մտքերէն՝ թէ «Անգամ եթէ մօտդ ամէն բան լաւ չէ, մտածէ՛ ընկերոջդ մասին եւ փորձէ՛ ընել ամէն ինչ, որ ան երջանիկ ըլլայ», «Խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին». սա էր իրենց վերաբերմունքը ամբողջ աշխարհին  հանդէպ։
Գալով համերգին, կարելի է ըսել, որ այն աւարտեցաւ բաւականին մեծ յաջողութեամբ։ Բուռն ծափահարութիւններով եւ ցնծութեամբ լեցուած էր ամբողջ դահլիճը։ Հանդիսատեսի ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ հնչեցին ճափոնական ազգային ժողովրդական երգեր, որուն յուզական պոռթկումը եղաւ յայտնի «Furusato» (Հայրենիք) երգը։
Խորապէս տպաւորուած այս համերգով, աւարտին մօտեցան երգչախումբերու ամենամեայ ազգային մրցոյթին, արդէն 6-րդ անգամ յաղթող երգչախումբի սաները, շնորհաւորեցին, իրենց հիացմունքը յայտնեցին «Հայաստանի Փոքրիկ երգիչներ»ուն եւ ստորագրութիւններ վերցուցին։

Եոքոհամայի մէջ
13, Յուլիս, Ուրբաթ երեկոյեան, Եոքոհամայի «Մինաթօ Միրայի» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» ու քսանամեայ պատմութեան լաւագոյն համերգներէն մէկը:
Եոքոհաման, Թոքիոյին կից քաղաք է, մօտ 3.7 միլիոն բնակչութեամբ: 19րդ դարու երկրորդ կէսին այս քաղաքը կ՛ապրէր անկիւնադարձային շրջան մը, յանձինս Սամուրայներու, որոնք բուռն եւ երկարտեւ դիմադրութիւն ցոյց տալէ ետք, թոյլ տուին, որ արեւմտեան մշակոյթը գայ եւ միախառնուի ճափոնականին: Այդպէս ծնաւ ճափոնականի եւ արեւմտեանի փոխ ներթափանցմամբ յառաջացած մշակութային մէկ այլ դրսեւորում: Երգչախմբի անդամները այս երեւոյթին ականատես եղան Երկուշաբթի առաւօտ՝ Յուլիս 16ին, երբ այցելեցին Թոքիոյի պատմութեան թանգարանը: Այնտեղ պահպանուած էին ճափոնական բարքերն ու սովորոյթները պատկերող իրեր, նաւեր, հեծանիւներ, ճափոնական առաջին ինքնաշարժը, տպագրիչ մեքենան, քաղաքներու եւ գիւղերու մեծ ու փոքր մաքեթներ, տարբեր դարաշրջաններու ապրած մարդոց կերպարներ, բնակավայրեր եւ մշակութային զանազան երեւոյթներ:
Վերադառնալով համերգին. անիկա բաղկացած էր երկու մասէ: Ծրագիրը յագեցած էր հայ հոգեւոր եւ ժողո-վըրդական, արեւմտաեւրոպական, լատին ամերիկեան, ռուսական եւ ճափոնական երգերով: Առաջին իսկ պահէն ունկնդիրը կլանուած էր Հայոց Ոսկեդարու շարականներով: Մաշտոցն ու Խորենացին, Շնորհալին ու Կոմիտասը համերգային առաջին բաժնի հնչիւնային աշխարհի կորիզն էին, որուն արձագանգները, վստահ եմ որ եկան ու  մտան ունկնդրի սրտին ու հոգիին մէջ: Համերգիս յաջողութեան նպաստեցին դահ- լիճի աքուստիքը, բարձրակարգ ունկընդիրները եւ երգչախումբի բարձր տրամադրութիւնը:
Երկրորդ մասը համազգեստներու փոփոխման հետ կը կրէր տարբեր բնոյթ ու նկարագիր: Կատակային, ճազային, ազգային ժողովրդական եւ այլ երգերու հետ, աստիճանաբար աճեցաւ հանդիսատեսի ոգեւորութիւնը: Իրաւամբ բաղձալի էր տեսնել տիրող յուզմունքը, մերթ խանդավառ ծափահարութիւն-           ներով, մերթ ապշած ու սեւեռուն հայեացքով եւ երբեմն այտերն ի վար հոսող արցունքներով:

Վերադարձ դէպի Թօքիօ
Եոքոհամայի բացառիկ համերգէն յետոյ «Հայաստանի Փոքրիկ երգիչներ»ը վերադարձան Թօքիօ։
Յուլիս 14ին, «Հայաստանի Փոքրիկ երգիչներ»ը ուղղուեցան Թոչիքի շրջանի, 120 հազար բնակչութեամբ Սանօ քաղաքը։ Եւ ինչպէս ամենուր, այստեղ եւս բարձր մակարդակի ընդունելութեան արժանացան։ Քիչ անց,  փոքրերը պտոյտ ունեցան քաղաքի այգիներէն մէկուն մէջ, որտեղ դեռ կը շնչէին հին քաղաքի մնացորդ բնակավայրեր, տաճարներ, 500 ամեայ հաստաբուն ծառ եւ ճափոնի փառքն ու զօրութիւնը նկարող կոթողներ։
Յաջորդ առաւօտ, տեղի «Թանումա նիշի Չիւկաքօ» միջնակարգ դպրոցին մէջ, ի պատիւ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ուն, ողջոյնի ելոյթ ունեցան, փողային նուագախմբի սաները եւ համալսարանի շրջանաւարտներէն կազմուած՝ ճափոնական «Oքարինա» գործիքի սիրահարներու անսամբլը։ Աւարտին, «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը հնչեցուցին ճափոնական ազգային երգեր եւ շատ մը ճափոնացիներու կողմէ սիրուած, Էտկար Յովհաննիսեանի «Երեւան Երէբունի» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք առիթ ստեղծուեցաւ, որպէսզի փոքրիկ երգիչները ծանօթանան եւ զրուցեն դպրոցի սաներուն հետ։
Նախ քան համերգը, երգչախմբիս գեղարուեստական ղեկավարը փորձ ունեցաւ իր սաներուն հետ։ Փակագիծ բանալով, ըսեմ որ փորձերը «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ուն ամենաբաղձալի եւ գերերջանիկ պահերն են։ Անոնց մէջ կայ տեսակ մը մտերմիկ շունչ, սէր ու խինդ։ Ի հարկէ, այստեղ անհնար է չանդրադառնալ Տիգրան  Հեքեքեանի տածած անձնուրաց եւ  բծախնդիր գործունէութեան։ Մաեստրոյի հմտութեան եւ պրոՖեսիոնալ աշխատանքին շնորհիւ, քսան տարիներ առաջ, բարդ ու դժուար պայմաններու մէջ, ոչինչէն գոյացած այս հաւաքականութիւնը, դարձաւ աշխարհի լաւագոյն մանկական երգչախումբերէն մէկը,  շահեցաւ միջազգային մրցոյթներ եւ նուաճեց արուեստի բարձրագոյն բեմահարթակները։
Շատեր արտաքուստ եւ միամտօրէն դատելով, երգչախումբի պրոՖեսիոնալիզմը կ՛ուզեն տեսնել լոկ արտակարգ ձայներու, պարտիտուրի վարպետ ընթերցանութեան ու ընկալման եւ երաժշտականութեան մէջ։ Չմոռնանք, որ անոնք ընդամէնը միջոց են հասնելու իտէալական պատկերի։ Իսկ ի՛նչն է այդ իտէալը։ Դա դիրիժորական արուեստի մութ ու չբացայայտուած կողմերն են, որուն կարող են հասնիլ միայն ի վերուստ օժտուածները։ Մասնագիտութիւններ կան, որ կարելի չէ սորվիլ, անոնք մարդուն տրուած են անկախ  իր կամքէն ու զօրութենէն։ Այս առումով ամբողջութեամբ կը տարբերի եւ բացարձակապէս այլ բարձրութեան վրայ կը գտնուի Տիգրան Հեքեքեանին մօտեցումը երգչախմբային արուսեստի ղեկավարման մէջ, տարբեր՝ նոյնիսկ աշխարհահռչակ դիրիժորներէն։ Տիգրան Հեքեքեանը կրնայ ըլլալ դիրիժորական արուեստի պատմութեան արտակարգ ու եզակի դէմքերէն չէ, ժամանակը ի՛նք թող դատէ, բայց աներկբայօրէն մէկն է այն հարիւր տարին անգամ մը յայտնուող մարդոցմէ, որոնք զօրութիւն ունին ցանկացած մասնագիտութեան տալու նոր դիմագիծ եւ երբեմն գլխիվայր շրջելու ընդունուած կարգերն ու կանոնները։
Ապա, Յուլիս 17ին,  ոտք դրինք հարաւ-արեւմտեան Գիտագիւսու կղզիին վրայ, ուր վերջերս տեղի ունեցաւ ջրհեղեղ, որու պատճառով հազարաւոր              ճափոնացիներ տարհանուեցան եւ շատեր լքեցին իրենց տուները։ Այս ցաւալի պայմաններուն մէջ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ուն յայտնութիւնը դարձաւ տեսակ մը սփոփար շունչ ու ներկայութիւն։