Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող ծանրամարտի կանանց 69 քիլօ քաշային կարգի Հայաստանի մարզիկ՝ 24ամեայ Մելինէ Դալուզեանը անյաջող ելոյթ ունեցաւ՝ դուրս մնալով մրցապայքարէն։

Գիւմրեցի ծանրորդուհին պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուց 111 քիլօ։ Իսկ հրում վարժութաեն մէջ ան յայտնած էր թէ 140 քիլօ պիտի վերցնէ, յաւակնելով պրոնզէ մետալին, սակայն ձախողեցաւ, երեք փորձերուն մէջ։
Այս արդիւնքի հիմամբ՝ Հայաստանը ներկայացնող 25 մարզիկներէն 9ըն արդէն դուրս մնացած են մրցապայքարէն եւ հրաժեշտ տուած են Ողիմպիականին։
Այսօր չէ նախատեսուած հայ մարզիկներու ելոյթ։ Յաջորդ օրը մրցասպարէզ դուրս կուգան աթլեթները եւ ծանրամարտիկ Արա Խաչատրեանը, որ մետալի տիրանալու բաւական լաւ նախադրեալներ ունի։