Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցի ամուր դաստիարակութիւն ջամբելը  Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն  մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած,  մանկավարժ, եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:

ՄԱՆԻԼԱ
Ֆիլիփինը հարուածած մրրիկները եւ անձրեւները արտակարգ իրավիճակ ստեղծած են մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ: 68 հոգի իրենց կեանքը կորսընցուցած են ամբողջ երկրի տարածքին, մինչ 268.000 մարդ ստիպուած է հեռանալ իր բնակութեան վայրէն: Օդերեւութաբանական հաստատութիւնը կը յայտնէ, թէ խիտ անձրեւը արդէն տաս օր է որ անդադար կը շարունակուի:  Ջրհեղեղին պատճառով փակուած են մայրուղիներ, դպրոցներ, հանրային

7 Օգոստոսին ասորիները կը յիշատակեն իրաքեան Սումայիլ քաղաքին մէջ 1933 թուականին նահատակուած 7000 քրիստոնեայ հայրենակիցներուն յիշատակը: Ընդհանուր առմամբ, 1915 թուականէն՝ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած ջարդերէն, մինչեւ

Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը 2012ի Օգոստոս 6ին ընդունած է նոյն Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճոնաթան Հեչթի հեղինակած բանաձեւը, ուր ԱՄՆ նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղուի սատարելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման ու ժողովրդավար անկախութեան սկզբունքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՄՆի մօտ ԼՂՀ ներկայացուցչութիւնը՝ իր տարածած հաղորդագրութեամբ:

Յունական defencenet.gr կայքէջի հաղորդման համաձայն, թրքական զինուորական ուժեր ներխուժում գործած են Թուրքիա-Սուրիա սահմաններէն ներս: Ցամաքային ուժերուն ընկերացած են ռազմական AH-1W Super Cobra ուղղաթիռներ, ինչպէս հաղորդած են իրանական եւ քրտական լրատու սպասարկութիւններ: