Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ, 1 Օգոստոսին, տեղի ունեցաւ «Ջաւախքի ճամբար»ի փակման արարողութիւնը՝ յատուկ հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին ճամբարի մասնակից երիտասարդներն ու պատանիները իրենց ծնողներուն ներկայացուցին «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրին ընթացքին սորված պարերը, երգերը ու բանաստեղծութիւնները:
Ինչպէս նախապէս ալ անդրադարձած էինք, Յուլիս 26էն սկսեալ ընթացք առաւ «Ջաւախքի ճամբար» եօթնօրեայ ծրագիրը, որ կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներէն ժամանած եօթը երիտասարդներու կողմէ։ Անոնք մէկ շաբթուան ընթացքին Ախալցխայի երիտասարդներուն ու պատանիներուն դասաւանդեցին հայոց պատմութիւն, հայրենասիրական երգեր, հայկական ժողովրդական պարեր, ձեռագործ եւ Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերուող նիւթեր: Բոլոր դասընթացքներէն ետք տեղի ունեցան հետաքրքրական խաղեր, որոնց շնորհիւ երիտասարդներն ու պատանիները աւելի մեծ սիրով ու ոգեւորութեամբ կը մասնակցէին «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրին:
Ճամբարի բոլոր մասնակիցները մեծ յուզումով բաժնուեցան իրարմէ, իսկ կազմակերպիչները խոստացան կրկին այցելել Ախալցխա՝ նոր ծրագիրներով:
Նոյն ծրագիրը գործադրուեցաւ նաեւ Ախալքալաքի մէջ: