Սուրիական Կարմիր մահիկը սկսաւ Հալէպի բնակիչներուն բաժնել Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հալէպի նահանգապետ Մոհամետ Ուալիտ Աքատ նշած է, որ հայկական կողմի օգնութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու արտայայտութիւնն է: Ան Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնած է:
Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան իր կարգին յայտարարած է, որ այդ օգնութիւնը հաւաքուած է հայ ժողովուրդին կողմէ, որուն փորձութիւններու ծանր տարիներուն Սուրիան իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է:
Ըստ Հալէպի մէջ Կարմիր մահիկի բաժանմունքի տնօրէն Հայել Ասիի, օժանդակութիւնը, որ կը բաժնուի Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի համագործակցութեամբ, պիտի օգնէ այն ընտանիքներուն, որոնք մարտական գործողութիւններու պատճառով վնասներ կրած են:

Հայաստան Շուտով Երկրորդ Օդանաւը
Պիտի Ուղարկէ Սուրիա

 «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ, ՀՅԴ  Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդումին ընթացքին յայտնեց, որ դէպի Սուրիա Հայաստանէն մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող օդանաւի վայրէջքը Էրզրումի մէջ եւ այնտեղ անոր ստուգումը թէեւ եղած է նախապէս պայմանաւորուած, սակայն հարցը կը շահարկուի:
Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ բեռին ստուգումով Թուրքիան երկու նպատակ կը հետապնդէր. ուժի ցուցադրում՝  զինուժի, հրշէջ մեքենաներու, դիմակներու եւ շուներու մասնակցութեամբ եւ  ցոյց տալ Ռուսիոյ, որ բոլոր օդանաւերն ալ ստուգման կ՛ենթարկուին, եւ Ռուսիայէն ուղեւորուած սուրիական օդանաւի հարկադիր վայրէջքը դիտաւորեալ չէր:
«Պարտադրանքով ոչինչ չէ եղած: Մենք զիջումներու պիտի դիմենք, որովհետեւ մեր գործը վէճը չէ, այլ բեռը տեղ հասցնելը: Անոնք կրնան պահանջել ստուգել որեւէ բեռ, որ կ՛անցնէր իրենց տարածքով, մանաւանդ որ Հայաստանը շրջափակուած է: Մենք յաջողած ենք այդ արգելքը ճեղքել: Նշեմ, սակայն, որ բեռը շատ մանրամասն ստուգուած է: Սովորաբար, օրինակի համար կը ստուգեն քանի մը տուփ եւ վերջ: Բայց այստեղ ստուգուած է ամբողջ բեռը՝ 14 թոնը», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան:
Ան նշեց, որ ինչպէս որ սփիւռքը որեւէ հարցին մէջ կ՛օգնէ Հայաստանին, այնպէս ալ պէտք է հայրենիքը սփիւռքին օգնէ: Իսկ օգնութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական: Ան յայտնեց, որ կան տակաւին շատ մեծահարուստ գործարարներ, որոնց չէ դիմուած, եւ ռուսահայութիւնը տակաւին նոր կը սկսի արձագանգել: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, կան շատ խոստում- ներ, որոնք տակաւին պէտք է իրականանան: Ան աւելցուց, որ եթէ տագնապը աւարտի, չի նշանակեր, որ ամէն ինչ պիտի հանդարտի: Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ շատ շուտով պիտի մեկնի սննդամթերքով բեռնուած երկրորդ օդանաւը: