«Արմինիըն Ռիվիու» թերթի խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 1948-էն լոյս տեսնող եւ հայագիտական ուսումնասիրութեանց նուիրուած այս հրատարակութեան բոլոր թիւերը թուայնացնելու ծրագիրին համար, Փորթուկալի «Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը որոշած է 12,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել:

Այս նուէրը կու գայ աւելնալու նոյն նպատակին համար 5,000 տոլար նուիրատուութեան վրայ, որ կատարուեցաւ իր ինքնութիւնը բացայայտել չփափաքող անձի մը կողմէ:

Թուայնացման ծրագիրին նպատակն է թերթին մօտաւորապէս 200 թիւերը մատչելի դարձնել աշխարհի տարածքին ուսումնասիրութիւն կատարողներու կամ այլ հետաքրքրուողներու՝ համացանցին միջոցով:
Խմբագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ սոյն նուիրատուութիւնները կը փակեն ամբողջ ծրագիրին մէկ կարեւոր մասը, իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակից դառնալ ծրագիրի ամբողջացման համար անհրաժեշտ գումարի գոյացման ջանքին, կրնան դիմել This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. հասցէին:
«Արմինիըն Ռիվիու»-ի գլխաւոր խմբագիր փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան կը յայտնէ, որ «Կիւլպենկեան»-ի կատարած առատաձեռն հատուցումը թերթը յատկանըշականօրէն հասցուցած է համացանցային կարեւոր ներկայութիւն մը ըլլալու նպատակին՝ աւելցնելով, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի թերթի համացանցային կայքը բարեկարգելու ուղղութեամբ, որպէսզի անիկա պատրաստ ըլլայ ընկալելու թուայնացման շնորհիւ նիւթերու զգալի աճը:
Նորագոյն թիւի առաջին յօդուածին հեղինակն է Ալպեր Ստեփանեան, որ վերաքննութեան կ՛ենթարկէ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնը» գործէն որոշ հատուածներ՝ զանոնք բաղդատելով յունական եւ հայկական այլ աղբիւրներու հետ: Երկրորդ՝ Ռուբէն Շուկարեանի պատկանող յօդուածը կ՛առնչուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող ջանքերուն եւ անոնց ձախողութեան, իսկ երրորդ յօդուածը զրոյց մըն է Թաներ Աքչամի, Ուղուր Ումիտ Ունկորի եւ Մեհմետ Փոլաթելի միջեւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն հայերէն բռնագրաւուած կալուածներուն եւ հարստութեանց մասին:


«Արմինիըն Ռիվիու»-ի նոր թիւէն օրինակներ կարելի է ստանալ
անջատաբար կամ բաժանորդագրուելով թերթին՝ այցելելով
www.armenianreview.org կայքը կամ դիմելով
Armenian Review, Inc.,

80 Bigelow Avenue, Watertown,
MA 02472-2012, This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.

հասցէներուն եւ հեռաձայնելով (617) 926-4037 թիւին: