Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը պատրաստած է միջնորդագիր մը, որուն ճամբով Զուիցերիոյ կոչ ուղղած է բողոքարկելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռը:

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդը նշած է, որ իր պատրաստած միջնորդագիրը պէտք է տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ, քանի որ եթէ եւրոպական դատարանի վճիռը անվաւեր չճանչցուի, կրնան յօդս ցնդիլ Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ հայերուն պահանջները: Որպէսզի միջնորդագիրը իրաւական ուժ ունենայ, զայն պէտք է ստորագրէ առնուազն 100 հազար մարդ: