Սուրիոյ «Ճապհեթ ալ Նասրա» ճակատի զինեալները հանած են պատմական Մալուլա քաղաքի Եկեղեցիներու բոլոր զանգերը, այրած են սուրբերու գերեզմաններ եւ այրած բոլոր խաչերը։ Այս մասին կը յայտնէ aleteia.org-ը։

Յիշեալ խմբակցութեան աջակցած են նաեւ «Ահրար ալ Շամ» ճակատի զինեալները, անոնք գողցած են նաեւ Յիսուսի արձանը, որ տեղադրուած էր 2008 թուականի Սեպտեմբերին։ Քանդակի հեղինակն է ռուս յայտնի քանդակագործ Ալեքսանդր Րուքաֆշնիքով։