AK-47 տեսակի ինքնաձիգ հրացաններով զինուած են մոլորակի աւելի քան 50 պետութիւններու բանակներ։ Բացի այդ, «քալաշնիքովը» բոլոր ցամաքամասերուն մէջ գործող տարատեսակ ապստամբ խումբերու, փարթիզանական կամ աւազակային ջոկատներու սիրուած զէնքն է։ Այն նոյնիսկ պատկերուած է որոշ երկիրներու պետական զինանշաններուն վրայ։
Փորձագէտներու գերիշխող մեծամասնութիւնը AK-47-ը կը համարէ կատարեալ հրազէն, որը չափազանց պարզ է, վստահելի եւ անվրէպ։ Միխայիլ Քալաշնիքովը AK-47-ը ստեղծած էր 1947 թուականին, եւ 1949-էն զէնքը արդէն փոխանցուած էր խորհրդային բանակի զինուորներուն։
Տասնամեակներու ընթացքին Քալաշնիքովը բազմիցս կատարելագործած ու արդիականացուցած է ինքնաձիգը, որը կը համարուի ամէնատարածուածը աշխարհի մէջ, նոյնիսկ երգերու եւ բանաստեղծութիւններու մէջ տեղ գտած ըլլալով։
Կ'ենթադրուի, որ ամբողջ աշխարհի մէջ այսօրուայ դրութեամբ կայ այդ զէնքի մօտ 100 միլիոն միաւոր։
Տխուր թուաքանակ, որ դեռ աւելի տխուր կը դարձնէ մտածումը, թէ քանի՜ միլիոն մարդ սպաննուած է «քալաշնիքովներէ» արձակուած փամփուշտներէ:
Միխայիլ Քալաշնիքով մահացաւ մօտ 10 օր առաջ՝ 94 տարեկան հասակի մէջ։ Պարզուեցաւ , որ առասպելական զինագործը իր կեանքի ընթացքին եւ յատկապէս վերջին տարիներուն շատ յաճախ ինքն իրեն հարց կուտար, թէ արդեօ՞ք հրեշաւոր չէր այդ գիւտը։
Անցած տարուայ Ապրիլ 7-ին Քալաշնիքովը նոյնիսկ յատուկ նամակով մը դիմած էր Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլոսին գրելով թէ «հոգիիս ցաւը անտանելի է, նոյն անլուծելի հարցը ինձ կը տանջէ՝ եթէ իմ աւտոմատը մարդոց կեանք խլեց, ուրեմն ես՝ Միխայլօ Քալաշնիքովս, գեղջկուհիի մը զաւակը եւ ուղղափառ քրիստոնեայ, մեղաւո՞ր եմ մարդոց մահւան համար, նոյնիսկ եթէ անոնք թշնամի են եղած»:
«Իզվեստիա» պարբերականի փոխանցմամբ՝ Քալաշնիքովը նամակին մէջ արծարծած է նաեւ փիլիսոփայական հարցեր, գրած է, որ կեանքի մայրամուտին Աստծոյ կամքով եւ ընկերներու աջակցութեամբ դարձի եկած, խոստովանած եւ հաղորդութիւն ստացած է։
Մի քանի տարի առաջ ալ զինագործը մերժած էր իր անուան թանգարան կառուցելու առաջարկը եւ խնդրած էր այդ նպատակով յատկացուած տարածքին վրայ Սուրբ Միխայիլի եկեղեցին կառուցել։ Տաճարի մօտ իր հայրենի Ալթայի մարզէն բերուած մայրի մը տնկել։
«Կը տեսնեն մարդիկ Ծառը եւ Տաճարը, կը մտածեն Բարութեան եւ Կեանքի այդ երկու յաւերժական խորհրդանիշերու մասին, եւ իմ հոգին կը փառաւորուի երկինքէն այդ գեղեցկութիւնն ու երանութիւնը տեսնելով», - կ'ըսուի պատրիարք Քիրիլոսին զինագործի հասցէագրած նամակին մէջ։
«Իզվեստիա»-ն կը հաղորդէ, որ Պատրիարքը պատասխանած է Քալաշնիքովին, շնորհակալութիւն յայտնած է նամակին համար, զինագործին ալ անուանած է հայրենասէր։
Զէնքի ստեղծման բարոյական պատասխանատուութեան հարցին անդրադառնալով՝ պատրիարքի խօսնակը ըսած է որ եկեղեցւոյ կեցուածքը մէկ է եւ նպաստաւոր՝ երբ զէնքը կը ծառայէ հայրենիքի պաշտպանութեան: