ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Միացեալ Նահանգներու Հայ վեթերաններու միութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Յունուար 10ին, տեղի ունեցաւ Արցախի ազատամարտը փաստագրած բեմադրիչ Ցվետանա Փասքալեւայի մեծարման հանդիսաւոր երեկոն, Կլենտէյլի երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արցախի պատերազմի տարեգրութեան նուիրուած «Ղարաբաղի Վէրքերը» վաւերագրական ֆիլմը: Մասնակիցները կրցան այդ ֆիլմի տեսաերիզէն օրինակ մը գնել տեղւոյն վրայ, հեղինակին մակագրութեամբ: