- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Մինչ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով շրջանային եւ միջազգային մակարդակով շնորհաւորութիւնները կը շարունակուէին, երէկ առաւօտեան ժամը 9:25-ին Պէյրութի հարաւային արուարձանները դարձեալ ցնցուեցան ականուած ինքնաշարժներու պայթումներով:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Զսպուածութեան կոչ կ'ուղղէ Եւրոպական Միութիւնը
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու անդամ-երկիրներու արտահերթ նիստ նախատեսուած է այսօր Հինգշաբթի օր, Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող բուռն բախումներու եղելութիւններու կապակցութեամբ։ Աւելի քան 26 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցած են, մինչ հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուած են։
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Պելճիքայի Թագաւորական ակադեմիոյ հովանաւորութիւնը վայելող երկօրեայ խորհրդաժողով մը տեղի կ'ունենայ Պրիւքսելի մէջ, 20-21 Փետրուար 2014ին, նուիրուած Սեւծովեան տարածաշրջանի մէջ բնակող յոյն ազգաբնակչութեան ցեղասպանութեան նիւթին:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Միջազգային համբաւ վայելող հայ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան հռչակուած է աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտը։ Այս կոչումը կը շնորհուի զուիցերական «Credit Swiss» դրամատան կողմէ հաստատուած տարեկան մրցանակի մը առիթով։
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Փետրուար 16-ին, Պեռլինի Սուրբ Լուիզ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագի ընթացքին Հալլէի Սուրբ Յարութեան հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գնել Գաբրիէլեանը հոգեհանգստի արարողութիւն կատարեց Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի ջարդերու անմեղ հայ զոհերու, ինչպէս նաեւ քունի մեջ ատրպէյճանցի բարբարոսի ձեռքով նենգաբար կացինահարուած երիտասարդ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին։